Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աննալենա Պերպոքի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ խաղաղութիւնը այլընտրանք չունին։
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Թի.Էյ» լրատու գործակալութեան՝ Պայրամով նշեց, որ հայկական կողմը տակաւին չէ արձագանգած Ատրպէյճանի վերջին առաջարկներուն:
«Ես յստակ ըսած եմ, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածքն է, եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը միշտ պաշտպանուած է Գերմանիոյ կողմէ։ Ես հանդիպում ունեցայ Ղարաբաղէն տեղափոխուած մարդոց հետ: Կը կարծեմ, թէ արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք չէ բաղկացած ըլլայ միայն դիւանագէտներու հանդիպումէն: Մենք պէտք է հանդիպինք հասարակ մարդոց հետ, գիտնանք անոնց պատմութիւնը», իր ըսաւ կարգին Պերպոք։
Մամլոյ ասուլիսին նախորդած հանդիպումին ընթացքին Ատրպէյճանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմ եւ բազմակողմ յարաբերութիւնները:
«Ինթըրֆաքս-Ատրպէյճան»ը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ըսաւ հետեւեալը. «Շրջանին մէջ խաղաղութիւնը կարեւոր է, անիկա կը բխի թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի շահերէն: Գերմանիա եւ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ են աջակցելու երկու կողմերուն՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ»:
Ըստ Պերպոքի՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին գծով Ատրպէյճանի կողմէ նկատելի են «շատ դրական ազդակներ»:
Պերպոք հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ան Ատրպէյճան մեկնեցաւ Հայաստանէն: Պերպոք 3 Նոյեմբերին հանդիպումներ ունեցած էր Հայաստանի վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ: