Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մեկնաբանեց Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկխօսութեան վերսկսելու կարելիութիւնը՝ ըսելով. «Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւնները զերոյական վիճակի մէջ են, սակայն, այսպէս թէ այնպէս, ժամանակի ընթացքին երկխօսութիւնը պէտք է վերսկսիլ»:
«Յարաբերութիւնները զերօ կէտին վրայ են, ես պիտի ըսէի` նոյնիսկ զերոյէն ցած: Սակայն որովհետեւ թէ՛ Ամերիկա եւ թէ մենք յատուկ պատասխանատուութիւն ունինք համաշխարհային եւ ռազմավարական կայունութեան համար, պէտք է վերսկսիլ այդ խօսակցութիւնը», հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Փեսքով:
Նախքան այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտարարած էր, որ Ռուսիա Միացեալ Նահանգներէն առաջարկներ ստացած է ռազմավարական կայունութեան եւ սպառազինութիւններու վերահսկման շուրջ երկխօսութեան վերսկսելու վերաբերեալ՝ աւելցնելով, որ անոնք ներկայիս կ՛ուսումնասիրուին: