Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Պաղտատ անակնկալ այցելութեան ընթացքին յայտնեց, որ «Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ուժերուն վրայ յարձակումները, որոնց կշռոյթը «Համաս»ի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի սկիզբէն ետք բարձրացաւ, բացարձակապէս անընդունելի են»:
Ան Թուրքիա մեկնելէ առաջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած էր հետեւեալը. «Մեր ուժերը պաշտպանելու համար պէտք եղած քայլերը պիտի որդեգրենք»:
Անգարայի մէջ Պլինքըն հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ: Անոնք շուրջ 2.5 ժամ տեւողութեամբ դէմ առ դէմ եւ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ խորհրդակցեցան:
Պլինքըն Ֆիտանի հետ հանդիպումի աւարտին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն հեռացաւ առանց որեւէ յայտարարութիւն կատարելու:
«Թուրք պաշտօնակիցիս հետ քննարկեցի Կազայի մէջ ճգնաժամը եւ տագնապի տարողութեան ընդլայնումէն խուսափումը», աւելի ուշ յայտնեց Պլինքըն:
Յատկանշական է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտութեան պետը կշտամբելու ցուցական քայլով որոշած էր Անգարա չմնալ եւ այցելեց հիւսիս-արեւելեան Ռիզէ շրջանը: