Կիրակի, 29 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ս. պատարագ մատոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ Գիւտ խաչի տօնին առիթով իր պատգամը փոխանցեց՝ փառաբանելով խաչեալ Քրիստոսը, որ չմնաց խաչին վրայ, այլ յարութիւն առաւ ու երկինք համբարձաւ, երկրայիններուն շնորհելով նոր կեանքի յոյս՝ Իր անձին ընդմէջէն անոնց ուղղելով աստուածային սիրոյ հրաւէր:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Եկեղեցւոյ երգչախումբին հետ հոգեւոր երգեցողութիւնը կատարեցին այս առիթով Լոս Անճելըսէն ժամանած հանրածանօթ դպիր թենոր Պերճ Քիրազեան եւ սոփրանօ Արմինէ Վարդանեան, դաշնակի վրայ ընկերակցութեամբ Արմինէ Տէրտէրեանի:
Հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեան, համայնքային կեանքի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը հաւատացեալներու:


Յետ եկեղեցական արարողութեան, ներկաները ուղղուեցան «Խաչատուրեան» Հայ Կեդրոնի «Սարոյեան» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ համայնքին ճիգերով կազմակերպուած սիրոյ սեղան մը, որուն մասնակցեցան մօտաւորապէս երկու հարիւր հայորդիներ:
Սիրոյ սեղանը սկիզբ առաւ մոմավառութեամբ, որուն աւարտին «ՅՈՅՍ»ը բոցավառեցաւ՝ հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու մաղթանքներ յղելով Սան Ֆրանսիսքոյէն դէպի գաղթական արցախահայութիւն եւ աղէտահար ընտանիքներ, որոնց ի նպաստ նաեւ կատարուեցաւ հանգանակութիւն: Արդարեւ, ներկաներու լիաբուռն մասնակցութեամբ գոյացաւ կոկիկ գումար մը, զոր իբրեւ մարդասիրական օժանդակութիւն ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի արտահանուած արցախահայութեան կարիքներու ապահովման:
Յայտնենք, որ ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին հնչեցին ազգային եւ ժողովրդական երգեր՝ կատարողութեամբ Պերճ Քիրազեանի եւ Արմինէ Վարդանեանի, դաշնամուրի վրայ նուագակցութեամբ Արմինէ Տէրտէրեանի:
