Հարաւային Լիբանանի Այնաթա գիւղէն Այթարուն փոխադրուող քաղաքացիական ինքնաշարժին դէմ գործուած ռմբակոծումը` իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ, Լիբանանի մէջ դատապարտումի հսկայ աղմուկ մը բարձրացուց:
Այդ ռմբակոծումին թիրախ դարձած ինքնաշարժին մէջ կը գտնուէին երեք պատանի քոյրեր, անոնց մայրը եւ մեծ մայրը: Ռմբակոծումին պատճառով սպաննուեցան երեք պատանիները եւ անոնց մեծ մայրը, իսկ մայրը վիրաւորուեցաւ:
Այս միջադէպը առաւել եւս բռնկեցուց հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը եւ պատճառ դարձաւ, որ «Հըզպալլա»ն ռմբակոծէ իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը` թիրախ դարձնելով քաղաքայիններ:
«Հըզպալլա»ն այս քայլին դիմեց՝ հիմնուելով իր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճշդած նոր կանոններուն վրայ, որոնց հիման վրայ՝ Իսրայէլի կողմէ քաղաքայիններ թիրախ դարձնելու պարագային, պիտի հարուածուին իսրայէլեան քաղաքային թիրախներ:
Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ դատապարտեց Լիբանանի եւ Պաղեստինեան հողերուն վրայ անմեղ մանուկներու դէմ Իսրայէլի գործած քստմնելի ոճիրները եւ ջարդեր: