Փարիզի քաղաքապետ Ան Իտալկօ «Էքս»ի իր էջին վրայ տուած է մանրամասնութիւններ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ քննարկումներուն մասին:
«Հայաստանի մէջ ողբերգութիւնը կը շարունակուի. Ատրպէյճան մեղաւոր է Արցախի նախկին պաշտօնեաները կամայականօրէն ձերբակալելու եւ այս տարածքին մէջ հայկական ժառանգութիւնը ոչնչացնելուն մէջ: Երէկ ես կարելիութիւնը ունեցայ այս բոլորը քննարկելու Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ, Լաչինի միջանցքի շրջափակման ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ցեղասպանութեան գործընթացին մասին զեկոյցի հեղինակ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի հետ: Մեր մտածումերը զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն, Ատրպէյճանի կողմէ պահուող 100 հազար գաղթականներուն եւ քաղաքական բանտարկեալներուն հետ են: 10 Դեկտեմբերին` Մարդու իրաւունքներու միջազգային օրուան առիթով, արցախահայութեան ներկայացուցիչներուն պիտի յանձնեմ Փարիզի պատուաւոր քաղաքացիութիւն: Փարիզ նաեւ կոչ կ՛ուղղէ՝ անյապաղ ազատ արձակելու Ատրպէյճանի կողմէ պահուող բոլոր հայ գերիները», գրած է Իտալկօ: