19էն 20 Սեպտեմբերի ռազմական յարձակումին ընթացքին, Ատրպէյճանի կողմէ գերի տարուած 16 անձերուն, որոնց կարգին Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն, զինուորականներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան անոնց ընտանիքներուն: «Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնեց Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը:
Նշուեցաւ, որ գերի տարուած անձերու հարազատներուն տրամադրուեցան տուեալներ՝ անոնց առողջական վիճակին, պահման պայմաններուն մասին, նաեւ՝ անոնց լուսանկարները: