Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլա Փաթրուշեւ յայտարարեց, թէ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումը կարելի է միայն այն պարագային, եթէ ոչ-տարածաշրջանային երկիրները անոր չմիջամտեն:
«Փորձառութիւնը այդ ցոյց կու տայ: Արեւմտեան երկիրներուն գործողութիւնները կը հրահրեն տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի լարումը եւ հակասութիւններու շարունակութիւնը», ըսաւ ան՝ ելոյթ ունենալով ԱՊՀ Ապահովութեան խորհուրդներու քարտուղարներու հանդիպման:
Մինչդեռ Ռուսիա, ըստ Փաթրուշեւի, հետեւողական քայլերու կը ձեռնարկէ, որ Երեւան եւ Պաքու խաղաղութեան համաձայնագիր կնքեն, տեղի ունենայ սահմանազատում եւ բացուին երթեւեկի հաղորդակցութիւնները:
Յայտնենք, որ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող այս հաւաքին Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան չի մասնակցիր: Երեւան պատճառը չնշեց, Փաթրուշեւ միայն յայտնեց, որ հանդիպմանը Հայաստանը կը ներկայացնէ Ռուսիոյ մօտ դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան: