
ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- 4 Նոյեմբերի Շաբաթ օրը յատուկ նշանակութիւն մը պիտի պահէ մեր օրերու պատմագրութեան մէջ։ Այդ օր տեղի ունեցաւ Թուզլայի «Քամփ Արմէն» ճամբարի երկրորդ հիմնադրումը։
Առաջինը կատարուած էր շուրջ վեց տասնամեակներ առաջ, երբ Կէտիկփաշայի Աւետարանչական եկեղեցւոյ պատուելի Հրանդ Կիւզելեան իր նոր գնած հողատարածքին մէջ թերահաս սաներու բազուկին ուժով փորուած հիմքին մէջ կը թափէր առաջին շաղախը։
Քաղաքի հեռու մէկ արուարձանն էր Թուզլան եւ այնտեղ կը բարձրանար նոր ճամբար մը։ Այս այն տարիներն էին, երբ առաքելական եկեղեցին ալ կը ծրագրէր Գընալը կղզիի բարձունքին հաստատել այսօրուան «Կազդուրման Կայան»ը։
Յաջորդող տարիներուն, այդ իմաստութեան տաճարը զոհը դարձաւ երկրի կառավարութիւններուն ազգային փոքրամասնութիւններու կալուածները յափշտակելու ռազմավարութեան։ 2015ին, երբ այդ յափշտակուած տարածքին վրայ փորձեցին փլել ճամբարի շէնքերը, «Նոր Զարթօնք» հարթակի երիտասարդ գործիչներն էին, որոնք փութացին Թուզլա եւ կանխեցին փլուզումը, ապա բռնօրէն գրաւեցին տարածքը։ «Նոր Զարթօնք»ի այդ դիմադրութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ հողատարածքը վերադարձուեցաւ իր տիրոջ՝ Կէտիկփաշայի աւետարանչական եկեղեցւոյ վարչութեան։ Արդարեւ, շաբաթօրեայ հիմնադրութեան հանդէսին վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի կողքին էին Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ. եւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր արաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեան։
Շինութեան աւարտին, ճամբարը պիտի կարենայ ընդունիլ 100 մանուկներ, որոնցմէ 50ը պիտի պատկանի իգական սեռին։ Այստեղ պիտի գործեն երաժշտութեան ու ձեռագործի աշխատանոցներ, 200 անձեր ընդունող լսարան մը, ուսուցիչներու սենեակներ եւ այլ յարմարութիւններ։
