Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ուզպեքիստանի մէջ տեղի ունեցած Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 16րդ գագաթնաժողովին յայտարարեց, որ չափազանց կարեւոր է մօտիկ ապագային իրականութիւն դարձնել երթեւեկի հաղորդակցութեան այն ուղիները, որոնք Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները պիտի միացնեն Նախիջեւանին։
Ընդգծելով, որ աւելցած է Միջին Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի նշանակութիւնը`Էրտողան շեշտեց, որ պէտք է աշխատանք տանիլ զանոնք իրականացնելու համար։
«Ղարաբաղի բռնագրաւումի աւարտով մենք կը տեսնենք, որ քայլ առ քայլ կը մօտենանք տարածաշրջանի կայուն խաղաղութեան: Հայաստանի պարտաւորութիւնները Ատրպէյճանի հանդէպ պիտի դիւրացնեն այս գործընթացը: Մօտիկ ապագային երթեւեկի հաղորդակցութեան գիծեր իրականացնելը շատ կարեւոր է. անոնք պիտի միացնեն Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները եւ Նախիջեւանը», ըսաւ Էրտողան։
Ան հաստատեց, որ այս ճամբու իրականացումը կարեւոր է ո՛չ միայն տարածաշրջանի երկիրներուն համար, այլ նաեւ անիկա Թուրքիան պիտի կապէ Կեդրոնական Ասիոյ:
«Իբրեւ թրքական աշխարհ` մենք պէտք է շարունակենք մեր աջակցութիւնը Ատրպէյճանին՝ այս գործընթացւ յաջող աւարտին հասցնելու համար», ընդգծեց Էրտողան: