
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Էտըմ Շիֆ Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուց բանաձեւ մը՝ պահանջելով Պաքուէն անյապաղ ազատ արձակել հայ ռազմագերիները, գերի պահուող քաղաքայինները եւ քաղաքական բանտարկեալները, ներառեալ՝ Արցախի կառավարութեան պաշտօնատարները, որոնք ապօրինաբար ձերբակալուեցան անցեալ ամիս, Ատրպէյճանի տարած ցեղային զտումներու արշաւին ընթացքին, կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
Բանաձեւը կոչ կ՛ընէ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին՝ պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի պետական պաշտօնատարներու դէմ, որոնք պատասխանատու են հայ ռազմագերիներու անօրինական բանտարկութեան, խոշտանգումներուն եւ սպանութիւններու համար: Անիկա նաեւ կը պահանջէ կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական եւ ապահովական ոլորտներու բոլոր աջակցութիւնները։
«Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակէ ապօրինի պահուող Արցախի բոլոր պաշտօնատարները, ռազմագերիները եւ այլ բանտարկեալներ՝ ոչ թէ փոխանակման եղանակով, այլ միջազգային իրաւունքով ստանձնած իր պարտաւորութիւններուն համապատասխան», ըսաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան: