ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Ճարտարարուեստական յեղափոխութեան շնորհիւ, աշխարհին՝ զարգացման աննախադէպ փուլը մտնելը սերտoրէն միաձուլուած է մարդկութեան ուժանիւթի աղբիւրներու յայտնաբերման եւ օգտագործման հետ: Քարածուխի, քարիւղի եւ բնական կազի յայտնաբերումը արմատապէս ձեւափոխեց հասարակութիւնները՝ զանոնք մղելով տնտեսական աննախընթաց աճի եւ նորարարութիւններու ժամանակաշրջաններ:
Այսօր, մարդկութիւնը, գտնուելով ուժանիւթի նոր աղբիւրներու որոնման եւ ստեղծման շեմին՝ կարեւոր է նաեւ ապահովել անոնց ազատ փոխադրութիւնը: Հին դարերէն սկսեալ, ապրանքներու փոխադրումի հին ճանապարհներէն մինչեւ արդի ծովային ուղիները կ՛արտացոլեն աշխարհաքաղաքականութեան եւ տնտեսութեան յարափոփոխ ուժականութիւնը: Ուժանիւթերու եւ անոնց տեղափոխման ուղիներու ապահովման միջեւ կապը հետազօտելով, մենք իրազեկ կ՛ըլլանք պատմական այն կապերուն, որոնք իրարու շաղկապած են մեր արդի աշխարհը:
Աշխարհի տնտեսութիւնը այսօր անքակտելի կապերով կախեալ է ուժանիւթերէն: Առանց անոնց աշխարհը փուլ կու գայ եւ համատարած քաոս կը ստեղծուի: Այսօր, բոլոր երկիրները եւ ժողովուրդները տարբեր չափերով բարգաւաճած են՝ իրար հետ գործակցելով, իրար հետ առեւտուր ընելով, իրարմէ սորվելով, տեղեկութիւն փոխանակելով եւ ճամբորդելով: Մեր կենցաղային առարկաներուն նուազագոյնը մէկ երրորդը պատրաստուած է քարիւղէն հանուած եւ մշակուած նիւթերով: Ոչ միայն մեր շարժունակութեան՝ վառելիքի, ինքնաշարժներու եւ օդանաւերու վառելանիւթին եւ մեր բնակարաններու տաքացման համար կ՛օգտագործենք զանոնք, այլ՝ նաեւ պատրաստելու մեր հագուստը, կահ կարասին, դեղորայքը, պարարտացուցիչները, ակռայի մածուկը, շպարները, արեւային վահանակները, հեռատեսիլները, համակարգիչները, հեռաձայնները, ծրարներու թուղթերը, ծամոնները եւ բազմաթիւ եւ անհաշիւ այլ առարկաներ:
Այսօր մենք այնքան կախեալ ենք ուժանիւթերէն, որ, ըստ 2022ի տուեալներուն, կը սպառենք օրական 100 միլիառ տակառ քարիւղ եւ 11 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ։ Իսկ այսքան ուժանիւթը կը հասնի մոլորակի բոլոր կողմերը, ամէ՛ն երկիր, ամէ՛ն բնակարան, ամէ՛ն գործատուն, եւ որուն համար կառուցուած են անթիւ անհամար ենթակառոյցներ, բազմամիլիոն քիլոմեթրերով խողովակաշարեր, հազարաւոր պահեստներ, ամբարներ եւ շղթայական մատակարարման համակարգեր:
Աշխարհի տարածքին սփռուած այս բարդ համակարգը կը սնուցէ ոչ միայն մեր տնտեսութիւնը, այլ կը ձեւաւորէ աշխարհաքաղաքական բնաշխարհը (landscape):
21րդ դարուն, տակաւ աճող պահանջին ի տես՝ կենսական է հասկնալ ուժանիւթին եւ անոր փոխադրման ուղիներուն ապահովութեան միջեւ նուրբ հաւասարակշռութեան գերակայութիւնը:
Ի տարբերութիւն միջին եւ անցեալ դարերուն, երբ առեւտուրի ուղիներու ապահովութիւնը կարելի չէր վերահսկել ասպատակութիւններէ, ծովահէններէ եւ թշնամական յարձակումներէ, պարզապէս որովհետեւ այս օրերու արդիական արհեստագիտութիւնը չկար: Այսօր այդ մէկը կարելի է, սակայն, այդ ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, դժբախտաբար, գերակայ ուժ մը կամ գերպետութիւն մը պէտք է, , որպէսզի պարտադրէ ճանապարհներու ապահովութիւնը:
Ղազախստանի Կասպից ծովու նաֆթահորերէն Քաշականի (Kashagan oil fields) քարիւղը կ՛արտածուի Ճափոն: Այդ ուղին պէտք է անցնի Կասպից ծովով դէպի Պաքու, ապա՝ Սեւ Ծովով դէպի Վոսփորի նեղուցը եւ անկէ՝ Միջերկրական, Սուէզի ջրանցքով՝ Կարմիր Ծով, Պապ-Էլ-Մանտէպի նեղուցով մտնէ Հնդկաց ովկիանոս, անցնի Հնդկաստանի կողքով, հասնի Մալաքայի նեղուցով դէպի Չինական ծով եւ դէպի հիւսիս մինչեւ Ճափոն: Այս երկար ճանապարհին ընթացքին, քարիւղատար նաւերը անխափան պէտք է ընթանան, երբ Ղազախստան Սովետական նախկին երկիր է եւ իր յարաբերութիւնը այդքան ալ բարեկամական պէտք չէ ըլլայ Ռուսիոյ հետ, Թուրքիան դարերու ընթացքին յաճախակի թշնամական յարաբերութիւններ ունէր Ռուսիոյ, Յունաստանի եւ Եգիպտոսի հետ, Սուէզի ջրանցքէն ետք Կարմիր ծովուն հարաւը ծովահէններու վտանգը կար, Հնդկաստան եւ Փաքիստան թշնամի երկիրներ են, Մալաքայի մօտ նոյնպէս ծովահէններու վտանգը կայ, Չինական ծովուն մէջ Վիէթնամ եւ Չինաստան հակառակորդներ եղած են եւ են տակաւին, իսկ Ճափոնի եւ Չինաստանի միջեւ արիւնալի պատերազմներ եղած են: Այս երկար ճանապարհին վրայ, ոչ մէկ արգելք արձանագրուած է այն օրէն մինչեւ այսօր՝ շնորհիւ Ամերիկեան ծովուժի վերահսկողութեան:
Գիտնականները ոգի ի բռին կ՛աշխատին այլընտրանքային աղբիւրներ գտնելու համար: Արեւայինը եւ հովայինը կան տեսականօրէն միայն, որովհետեւ այդ երկու աղբիւրները բաւարար չեն, ոչ ալ՝ գործնական, որովհետեւ ոչ բոլոր երկիրները միշտ արեւոտ են, ոչ ալ բոլոր երկիրները՝ քամիներու ճանապարհին, եթէ նոյնիսկ նկատի ունենանք արեւը անապատներու, անոնց ջերմային ուժանիւթը (solar energy) մարտկոցներու (batteries) մէջ ամբարելու համար, մոլորակի լիթիումի (lithium) անհրաժեշտ պաշարները բոլորովին անբաւարար են: Կը մնայ միջուկային ուժանիւթը, որ ինքնին վտանգաւոր է, երբ բոլոր երկիրները անորմով օժտուին: Առայժմ եւ երկար ժամանակի համար քարիւղը եւ բնական կազը հիմնական միակ ուժանիւթերն են եւ անշուշտ անսպառ չեն կրնար ըլլալ:
Ուժանիւթի բնական պաշարներուն մեծ մասը կը կեդրոնանայ երեք աշխարհագրական տարածքներու վրայ: Ռուսիոյ եւ անոր ծայրամասերու երկիրներուն, Միջին Արեւելքի Արաբական Ծոցի աւազանին եւ Ամերիկայի մէջ: Անշուշտ կան այլ երկիրներ ալ, ինչպէս՝ Նորվեկիա, Վենեզուելլա եւ Նիճերիա։ Սակայն, անոնք իրենց քանակով կը զիջին առաջին երեքին: Ամերիկա, ապաւինելով իր աշխարհագրութեան՝ ապահով է ուժանիւթի կողմէ: Արաբական Ծոցի երկիրները եւ Ռուսիա կը հայթայթեն աշխարհի պահանջներուն մեծամասնութիւնը, առ այդ, դժուար չէ երեւակայել, թէ ի՛նչ բացասական ազդեցութիւն կ՛ունենայ այդ երկիրներուն քարիւղին դէմ որեւէ արգելք:
Ճիշդ է որ ներկայիս ընթացող ռուս-ուքրանական պատերազմը խափանած է ռուսական ուժանիւթի ուղղակի հոսքը դէպի Եւրոպա, սակայն, անիկա կը հասնի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայով անցնող խողովակաշարերու միջոցով:
Ատրպէյճանի կարեւորութիւնը, անկախ քարիւղի եւ բնական կազի իր պաշարներէն կը կայանայ անոր Կովկասի մէջ գտուելուն եւ ունեցած ենթակառոյցներուն մէջ, որոնք Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանէն միացած են ռուսական զտարաններուն եւ խողովակաշարերու հանգոյցին: Ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով, Ռուսիա կը շարունակէ իր քարիւղը եւ կազը հոսեցնել դէպի Եւրոպա՝ օգտագործելով դէպի Ատրպէյճան երկարող եւ անկէ Թուրքիա ձգուող խողովակները, մաս մըն ալ ուղղակի դէպի Թուրքիոյ մէջ կառուցուած TurkStream խողովակաշարը: Ատրպէյճանի ենթակառոյցները կարեւոր են ոչ միայն Ռուսիոյ, այլ նաեւ Ղազախստանի Քաշականի նաֆթահորերու եւ Իրանի քարիւղին՝ դէպի արտերկիր Պաքուի խողովակներուն ընդմէջէն արտածման համար:
Ատրպէյճանի աշխարհագրական դիրքին եւ անոր քարիւղին պատճառով է որ Համաշխարհային Առաջին պատերազմին՝ 1918ին եւ 1920ին, տեղի ունեցան Շուշիի եւ Պաքուի ջարդերը՝ անգլիացիներու աչքին առջեւ: 1988ին, Արցախի հայութեան մայր Հայաստանին միանալու պահանջին յաջորդեցին Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ հակահայ հալածանքները եւ ջարդերը, ապա՝ անոնց վտարումը Ատրպէյճանէն: Հայերը պէտք էր հեռացուէին քարիւղի կեդրոններէն: Արցախի պատերազմին ընթացքին Գետաշէնի եւ Շահումեանի շրջանի հայութիւնը նոյնպէս պէտք էր տեղահանուէր, որովհետեւ շրջանը մօտ էր Եւլախէն անցնող քարիւղի խողովակներուն: Ենթարկուեցանք ԽՍՀՄի ՕՄՕՆի 1991ին կազմակերպած ՕՂԱԿ (ԿՈԼՑՈ) գործողութեան: Երեսուն տարիներու ընթացքին, ոչ մէկ պետութիւն ճանչցաւ Արցախի ինքնիշխանութիւնը, իսկ Արցախի երկրորդ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, Արեւմուտքը քար լռութիւն պահեց, իսկ Ռուսիա զլացաւ Արցախի օդային տարածքը պաշտպանել: Հայկական բանակին առանց զինամթերքի «Սու» նորագոյն օդանաւեր ծախած էին, «Իսկանտար»ներ տուած էին, որոնց գործածութիւնը փաստօրէն արգիլուած էր: Վրայ հասաւ Լաչինի միջանցքի փակումը եւ Արցախի մնացած մասին շրջափակումը՝ ամբողջ 10 ամիսներ: Արեւմուտքի, Ռուսիոյ եւ Իրանի կողմէ՝ ոչ մէկ ձայն եւ ծպտուն: Պարզ էր։ Եւրոպական եւ ռուսական քարիւղի ընկերութիւնները Պաքուի մէջ էին. հոն էին ամերիկեան Standard Oil-ը, անգլիական BP-ն, Ֆրանսական Total-ը, ռուսական Luke Oil-ը, հոն միացած էին իրանեան խողովակները: Հայութիւնը՝ գոնէ ժողովրդային մակարդակով, կը յոխորտար, թէ կրնար հարուածել եւ պայթեցնել քարիւղի խողովակները, հասնիլ Կուր գետի ափը, Պաքու եւ այլն… Հայկական սին միամտութիւն:
Արցախը հայաթափուելէ ետք, այս օրերուն կը տեսնենք Արեւմուտքի եւ Իրանի քաղաքականութեան կտրուկ փոփոխութիւնը Հայաստանի նկատմամբ: Արցախը չկայ այլեւս եւ Պաքուի նաֆթահորերուն ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ: Հիմա ռազմավարական ճանապարհներուն տիրանալու հարցը կայ, հետեւաբար ահա կը լսենք Իրանի կողմէ հնչեցուած խօսքերը, թէ՝ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը իրենց համար կարմիր գիծ է: Ֆրանսա պատրաստ է մեզի զէնք մատակարարելու, սակայն ՄԻԱ՛ՅՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂԱԿԱՆ զէնքեր, Հնդկաստան նոյնպէս պաշտպանողական զէնքեր եւ օդը փակելու եւ անօդաչու թռչող սարքեր: Կան նաեւ Իտալիոյ հետ ռազմական գործակցութեան մասին խօսքեր: Ամերիկա կու տայ ռազմական գործակցութեան խոստումներ. հայ-ամերիկեան ռազմափորձ ալ եղաւ:
Յուսանք որ մեր յոյսերը ի դերեւ չեն գար, սակայն, մենք ունի՞նք այլ այլընտրանք, քան՝ զինուիլը: Այնուամենայնիւ, աշխարհի համար ուժանիւթերու փոխադրութեան ուղիները պէտք է ապահով ըլլան: Այդ ուժանիւթերը եւ փոխադրութեան ուղիները, աւելի շատ արժէք ունին, քան՝ արդարութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները: