Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Երեւանի մէջ ԵԱՀԿի Խորհրդարանական նիստին արտասանած խօսքը` անոր արտայայտած միտքերը որակելով «հակասական»: Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Անընդունելի է, որ հայկական կողմը՝ «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ ներկայացնելու եւ բանակցութիւններ սկսելու փոխարէն, մեղադրանքներ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէի մեկնաբանութեան մէջ:
Վերջինս յայտնեց, որ Հայաստանի վարչապետին`«Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնքի» ներկայացուցիչներու` «հայրենի հող» ապահով եւ արժանապատիւ վերադառնալու փափաքը իբրեւ Հայաստանի վրայ յարձակումի նախապատրաստութիւն ներկայացնելու փորձը ամբողջովին «անհիմն է»:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք հայկական կողմին, որ կը շարունակէ յարձակողական զրպարտիչ հռետորաբանութիւն կիրարկել մեր երկրին դէմ` օգտագործելով տարբեր միջազգային հարթակներ, դադրեցնելու խաղաղութեան հեռանկարներուն վնասող յայտարարութիւնները եւ օգտագործելու Հարաւային Կովկասի շրջանը խաղաղութեան եւ համագործակցութեան տարածքի վերածելու համար ստեղծուած պատմական կարելիութիւնները», կը նշուի Հաճիզատէի մեկնաբանութեան մէջ:
Փաշինեան 18 Նոյեմբերին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած էր, որ Երեւան եւ Պաքու տակաւին կը խօսին իրարմէ շատ տարբեր դիւանագիտական լեզուներով եւ շատ յաճախ զիրար չեն հասկնար:
րագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մերժեց մեկնաբանել Հայաստանի վարչապետին վերջին յայտարարութիւնները, որոնց մէջ Փաշինեան կը խօսէր Պաքուի կողմէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» եզրոյթի օգտագործման մասին:
«Ես Ատրպէյճանէն պետական մակարդակով հնչող նման յայտարարութիւններու ծանօթ չեմ», ըսաւ ան։
Ըստ Փեսքովի՝ հակառակը, Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանէն լսած են բոլորովին այլ յայտարարութիւններ, որոնց մէջ կը խօսուի մէկ փուլի աւարտին եւ խաղաղ համաձայնագիրի պատրաստակամութեան փուլին անցնելու անհրաժեշտութեան մասին։