Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի (ՀՊՄՀ) պատմութեան բաժանմունքի միացեալ նախաձեռնութեամբ, 24 Նոյեմբերին, ՀՊՄՀ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19րդ դարի վերջին եւ 20րդ դարի առաջին կէսին․ պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագիրով գիտաժողովի յօդուածներու ժողովածուի շնորհահանդէսը:
Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Այս գիրքը մեր օրերի համար փնտռուող ու անհրաժեշտ գիրք է, այն նաեւ կարող է ուղեցոյց հանդիսանալ մեր պատմաբանների ու քաղաքական գործիչների համար, որպէսզի վերջապէս կարողանան հասկանալ մի ճշմարտութիւն` մինչեւ մեզանում ազգային գաղափարախօսութիւնը ձեւ ու բովանդակութիւն չունենայ, մենք չենք կարողանայ հասարակութեանը համախմբել»։ Ան շեշտեց, որ պէտք է կարենալ դասեր առնելով անցեալէն` ճիշդ քաղաքական ուղիով ընթանալ:


Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, անդրադառնալով անցեալի ու ներկայի մարտահրաւէրներուն՝ շեշտեց․ «Միայն լուսաւորեալ ու կրթուած ժողովուրդն է, որ ունենում է ինքնութեան գիտակցութիւն, ազգային իդէալի գիտակցութիւն, ազգային տեսլական: Երբ այդ գիտակցութիւնը ժողովրդի մէջ պակասում է, ազգի ճակատագիրը դառնում է անորոշ»: Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ ժողովածուն կարելիութիւն պիտի տայ ուսումնասիրելու անցեալը, վերլուծելու եւ կատարելու ճիշդ հետեւութիւններ` յատկապէս ներկայի ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ:
Պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի նախագահ Էդգար Յովհաննիսեան կարեւոր նկատեց Համազգայինի հետ համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ գիրքը հրատարակելը` նշելով, որ հայ քաղաքական եւ հասարակական միտքի ակունքները կը բիւրեղանան ճիշդ ա՛յդ շրջանին:
Բոլոր ներկաները Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կողմէ ստացան ժողովածուի օրինակներ։