
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր, նահատակ լրագրող Հրանդ Տինքի ոճրագործը՝ Օկիւն Սամասթը, պիտի դատուի քրէական ատեանին մէջ։ Ծանօթ է, որ ան վերջերս բանտէն ազատ արձակուած էր, սակայն Պոլսոյ հանրապետական աւագ դատախազութիւնը անմիջապէս նոր մեղադրական մը պատրաստած էր անոր դէմ. ան ահաբեկչական նկատուող Կիւլենի կազմակերպութեան ի նպաստ վարուելու յանցանքով կը մեղադրուի։ Ըստ ամբաստանագիրին՝ ան թէեւ զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան չէ անդամակցած, սակայն անոր անունով յանցանք գործած է։ Այս հիման վրայ կը նախատեսուէր, որ Սամասթ դարձեալ դատուի Պոլսոյ անչափահասներու քրէական ատեանին կողմէ։ Սակայն, այժմ կան փոփոխութիւններ։
Ըստ տեղական մամուլի հաղորդումներու՝ Սամասթի դատը միացուած է՝ Տինքի սպանութիւնը գրգռած Եասին Հայալի եւ Էրհան Թունճելի գործերուն հետ։ Այս պայմաններուն մէջ, թղթածրարը պիտի քննարկուի 14րդ քրէական ատեանին կողմէ։ Այսինքն, Սամասթ ո՛չ թէ անչափահասներու, այլ քրէական դատարանին առջեւ պիտի կանգնի։