ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- «Օրորայի Լուսաբացը» վաւերագրական շարժանկարի (բեմադրիչ Իննա Սահակեան) լոնտոնեան ցուցադրութիւններուն առիթով, բրիտանական հեղինակաւոր The Guardian թերթը «Ցեղասպանութեան Սարսափի Եւ Գոյատեւման Ուշագրաւ Պատմութիւն» վերնագիրով յօդուած մը հրապարակած է։
«Նկատի ունենալով, որ «ցեղասպանութիւն» բառը մեր օրերուն ամէնուր տարածուած է, կ՛արժէ վերանայիլ ա՛յն վայրագութիւնները, որոնց պատճառով ստեղծուեցաւ այս եզրը: Այս սարսափազդու, բայց հետաքրքրաշարժ եւ գրաւիչ ֆիլմը՝ շարժանկարի եւ արխիւային պատկերներու խառնուրդ մըն է. անիկա պատմութիւնն է երիտասարդ հայ կնոջ մը՝ Արշալոյս Մարտիկանեանին, որ իր մորթին վրայ զգացած է Համաշխարհային Ա. պատերազմին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափները: Այս ժապաւէնը միայն փոքրիկ փաստ մըն է պատմութեան մը, որ լեցուն է հրաշքներով, ողբերգութեամբ, եւ վերջապէս յոյսով ու իմաստութեամբ: Մարտիկանեան ոչ միայն հրաշքով ողջ մնացած է, այլ՝ նաեւ իր դերը մարմնաւորած 1919ին նկարահանուած «Հոգիներու Աճուրդ» ամերիկեան համր ֆիլմին մէջ», ի մէջի այլոց կը պատմէ յօդուածը: