Յարգելի Համազգայինի «Նայիրեան» երգչախումբ,
Ուրբաթ, 1 Դեկտեմբերի երեկոյեան, մեծ գոհունակութեամբ լսեցի տօնական օրերուն առթիւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Երաժշտական միաւորին կազմակերպած «Նայիրեան» երգչախումբի հոյակապ ելոյթը եւ հպարտութեամբ յուզուեցայ:
Սրտանց կը շնորհաւորեմ բոլորդ. վարձքերնիդ կատա՛ր:
Ձեռնարկը ինքնին շատ գեղեցիկ էր, երգերու ընտրութիւնը, անոնց աւանդական, երաժշտական, ժողովրդական, ամերիկեան եւ մասնաւորապէս ազգային ու Արցախի եւ անոր հազարաւոր երիտասարդ զինուորներուն ի յիշատակ վերջին երգը:
Բոլոր պարմանուհիները անխտիր «ապրին»: Վստահ եմ, որ անոնք երկար ժամերով եւ հսկայական նուիրումով մասնակցած են իրենց փորձերուն: Անոնք հետեւած են կարգապահօրէն իրենց ղեկավարին եւ անոր ցուցմունքներուն: Անոր արդիւնքն էր որ ունկնդրեցի:
Յատուկ երեւոյթի մը մասին պիտի ուզեմ գրել, որն է՝ օրիորդի մը լացը Արցախի երգին ընթացքին, որ շատ յուզիչ էր ու տպաւորիչ նոյն ժամանակ (առաջին շարքի, ձախէն առաջին օրիորդը): Այս ցոյց կու տայ, թէ երգ մը եւ անոր բառերը ինչպէս կրնան ազդել պարմանուհիի մը հոգիին եւ խիղճին վրայ: Նաեւ պրաւօ բոլոր ծնողքներոնւ, որոնք հաւատալով հայ մշակոյթի պահպանման՝ մղած են իրենց զաւակները հայ երգի արուեստին:
Մասնաւոր գնահատականս կ՛ուղղեմ ղեկավար Լուսինէ Մելիքսեդեանին, որ բարձր որակով եւ մասնագիտական կարգապահութիւնով կրցած էր խումբը կազմել եւ հետեւողական խնամքով անոր վերելքին նուիրուած էր. ապրի՛:
Վերջապէս, Համազգայինին, անոր Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր մարմիններուն, նուիրուած անդամներուն եւ մասնաւորապէս Երաժշտական միաւորի անդամներուն ու ատենապետ Սեդա Սիմոնեանին:
Վարձքերնիդ կատա՛ր. նաեւ կ՛ուզեմ առնուազն ի գիտակցութիւն եւ ի գնահատական արձագանգել ձեր նուիրումին ու զոհողութեան, զորս կը կատարէք ի շահ Համազգայինին, հայ մշակոյթին եւ հայրենիքին:
Շնորհակալութեամբ՝
ՀՐԱՅՐ ՇԷՐԻՔԵԱՆ