
ՏԱՍԸ ՀԱԶԱՐԱԿԱՆ ՏՈԼԱՐ՝ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ, ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԻ ՔԱՐԷՆ ԵՓՓԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ
Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր ի առաւօտեան, նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինին, հիւրընկալութեամբ Ատրինէ Տէր Յարութիւնեանի եւ Հերմինէ Տէր Յարութիւնեանի՝ Կլենտէյլի «Անոյշ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի աւանդական տօնավաճառ-ճաշկերոյթը, որուն ներկայ եղան Արտակ Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, հիւրընկալ հայուհիներու ընտանեկան պարագաներ, Ազգային առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներուն քաջալեր հանդիսացող կամաւոր նուիրեալներ, բարերարներ եւ հիւրեր՝ մօտաւորապէս 200 անձեր:
Կազմակերպիչ մարմինին անունով բացման խօսքը կատարեց Մարալ Գըլըճեան. ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, քահանայ հայրերուն, Ազգային վարչութեան, հիւրընկալներուն, հին եւ նոր բարերարներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ նշելով, որ Տիկնանց Օժանդակ մարմինի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ամէնամեայ տօնավաճառ-ճաշկերոյթին ցուցաբերուած այս հոգածութիւնը՝ առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ՝ կը խթանէ մարմինի անդամները, որ ամէն տարի իրենք զիրենք գերազանցեն, ապա ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը 7 Դեկտեմբեր 1988ին, Հայաստանը հարուածած երկրաշարժի զոհերուն:
Այնուհետեւ ներկաները երկիւղածութեամբ մասնակցեցան առաջնորդ սրբազան հօր եւ քահանայ հայրերոն ստեղծած աղօթական մթնոլորտին, ուշի ուշով ականջ դրին Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի առաջնորդական պատգամին, որուն միտք բանին նիւթեղէն եւ աննիւթեղէն լոյսն էր: Առաջինին աղբիւրը արեւն է, ըսաւ ան եւ բացատրեց, որ արեւին շողերը աշխարհի ու մարդոց վրայ կը ցաթին երկինքէն՝ լուսաւորելու համար իրերը, մինչ աննիւթեղէնը՝ հոգեւորն ու աստուածայինը, որ Յիսուս Քրիստոսն է, Աստուծոյ կողմէ մեզի ձրի տրուած այն լոյսն է, որ մեր կեանքերը կը լուսաւորէ եւ մեզ դէպի կատարելութիւն կ՛առաջնորդէ: Իր խօսքին աւարտին, առաջնորդ սրբազանը խրախուսեց ներկաները՝ Երկինքի օրինակով նուիրելու առատօրէն, «որպէսզի մեր կեանքի բոլոր օրերը ըլլան ուրախ, լուսաւոր ու պայծառ»:



Հուսկ, առաջնորդը գնահատանքի խօսք ուղղեց օրուան հիւրընկալ տիկիններուն, սրահը գեղեցկօրէն զարդարած եւ բծախնդիր աշխատանք տարած Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն եւ բոլոր այն կամաւոր ձեռքերուն, որոնք սիրայօժար կը նպաստեն Ազգային առաջնորդարանի զանազան ծրագիրներու յաջողութեան:
Ինչպէս անցեալ տարի՝ այս տարի եւս, Տիկնանց Օժանդակ մարմինի տօնավաճառ-ճաշկերոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի երկրորդական կարգի խումբ մը աշակերտներ, որոնք Ս. Ծննդեան երգերով եւ տօնական տարազներով սեղան առ սեղան շրջեցան, իրենց հետ պտոյտի հանելով նաեւ Նոր տարին խորհրդանշող Կաղանդ Պապան, որ յատուկ ջերմութեամբ լեցուց սրահը, մինչ աշակերտներուն հնչեցուցած երգերը Ս. Ծննդեան խորհուրդով ներշնչեցին ներկաները՝ պահը վերածելով հայ հոգեւոր երգի պանծացման առիթի, ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի Լուսինէ Մելիքսէթեանի:
Ճաշկերոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երիտասարդ երգիչ Վարանդը եւ ջութակահար Մերուժան Մարգարեան, ստեղծելով խանդավառութեան նոր ալիքներ:
Խրախուսուած տօնական հաճելի մթնոլորտէն՝ ներկաները մինչեւ իսկ բազմապատկեցին իրենց գնումները եւ նուիրեցին լիաբուռն: Առաջնորդ սրբազանին տնօրինումով՝ հանգանակուած գումարէն նաեւ նիւթական զօրակցութիւն կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի կրթական զանազան կառոյցներու:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ