Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քեամրան Ալիեւ յայտարարեց, որ Պաքուի մէջ կազմուեցաւ «Միասնական քննչական խումբ» մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարներու գերութեան հարցով։
Քեամրան Ալիեւի ձեւակերպումը այնքան ալ յստակ չէ. արդեօք նկատի ունեցած են միայն Արցախի նախկին ղեկավարնե՞րը, թէ բոլոր գերիները, որոնք հարիւրաւոր են: Բայց նկատի ունենալով, որ խումբը կազմուած է նախկին ղեկավարներու ձերբակալութենէն ետք, ուրեմն խօսքը հաւանաբար կը վերաբերի անոնց։
«Ատրպէյճանցի ժողովուրդը պիտի տեղեկացուի այդ քննութեան ընթացքին եւ անոր արդիւնքներուն մասին: Մենք այդ մէկը պիտի ապահովենք։ Քննութեան աւարտէն ետք գործը կը յանձնուի դատարան», ըսաւ Քեամրան Ալիեւ։