Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբերի երեկոյեան գումարուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու հինգերորդ առցանց նիստը:
Վեհափառին հրաւիրած եւ նախագահած նիստին մասնակցեցան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, դոկտ. Արմէն Մարուքեան, փրոֆ. Վահրամ Բալայեան, դոկտ. Վիգէն Չըթըրեան, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Շահան Գանտահարեան եւ քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեան:
Օրակարգի առաջին կէտով Արամ Ա. զեկուցեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահին եւ քոնկրեսականներու հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին։ Ան շեշտեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին, անոնց փոխանցեց Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձին, այդ վերադարձը իրականացնելու համար ապահովութեան միջազգային երաշխիքներու եւ ընդհանրապէս Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան սկզբունքներու հարցերը։
Այնուհետեւ, նիստի երկրորդ մասը յատկացուեցաւ Հայաստանի մէջ գտնուող Արցախի պետական հաստատութիւններուն մէջ գործող անձնաւորութիւններու տարած խորհրդակցութիւններուն։
Օրակարգի երկու կէտերուն յաջորդեցին աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ քննարկումներ, որոնք ներառած էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բաժինի վարիչին յայտարարութիւնները, Պաքու կատարած այցելութիւնը, Ատրպէյճանի նախագահին վերջին յայտարարութիւնները եւ Ատրպէյճանի մէջ յանկարծակի որոշուած արտակարգ նախագահական ընտրութիւնները։
Արցախի մէջ քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը հարստացուցած հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման, գերիներու փոխանակման եւ Պաքուի մէջ պատանդառուած նախկին նախագահներու եւ պետական գործիչներու ազատ արձակման իրաւական եւ քաղաքական միջոցներու մասին կատարուած խորհրդակցութիւնները համալրեցին օրակարգը։
Վեհափառը իր գոհունակութիւնը յայտնելէ ետք մասնագիտական մարդուժի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ նման բարձրորակ եւ օգտաշատ քննարկումներու իրականացման նկատմամբ՝ շեշտեց, որ անհրաժեշտութիւն է համահայկական օրակարգի կէտերու մշակումը եւ այս պարագային Արցախի նոր իրավիճակի լոյսին տակ, հոգեւոր, քաղաքական, դիւանագիտական, իրաւական եւ տեղեկատուական մարզերուն մէջ համակարգուած աշխատանք տանիլը։
Առցանց նիստին մասնակցողները շեշտեցին, որ այս հարթակին վրայ նման քննարկումներ շարունակելը կենսական նշանակութիւն ունի եւ կրնայ մեծապէս օգտակար հանդիսանալ համահայկական տարողութեամբ աշխատանքներու ուղենիշներ ճշդելու առումով։