
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Գրասեղանիս վրայ կայ նոր լոյս տեսած գեղատիպ օրացոյց մը. «Արեւմտահայ Գրագէտներ. 2024ի օրացոյց՝ դիմանկարներով եւ գրելու մասին խոհերով»: Այսպէս խորագրուած է անիկա: Առաջին հայեացքով՝ անոր 12 փայլուն էջերը զիս փոխադրեցին Պոլիս, երեք-չորս տասնամեակներ ետ, երբ քաղաքս ալ ունէր հայկական նիւթերով օժտուած օրացոյցներ հրատարակելու գեղեցիկ աւանդութիւնը: Այժմ, պոլսահայերը կը բաւարարուին սեղանի օրացոյցով մը: Այդ փոքրադիր օրացոյցին շնորհիւ է որ համաքաղաքացիներս գիտեն, թէ ե՛րբ են ազգային եւ կրօնական տօները: Իսկ հիմա, ահա Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս կը տեսնէ մէկ այլ օգտաշատ օրացոյց մը, պատի պատկերազարդ եւ երկլեզու օրացոյց, որ ունի խիստ հայկական շունչ, եւ կարծես, թէ եկած է կարեւոր բաց մը գոցելու: Երբ կը պատրաստուիմ զայն քիչ ետք դասարանիս պատէն կախելու, փափաքեցայ ձեզի ներկայացնել անոր բարեմասնութիւնները եւ ներածութիւնը:
Օրացոյցը կը ներկայացնէ 12 հայ գրագիտուհի: Պատրաստուած է երեք տաղանդաշատ հայուհիներու կողմէ. առաջինը՝ Մարալ Ագթոքմաքեան, պոլսահայ գրականագէտ, թարգմանիչ եւ խմբագիր է: Երկրորդը ամերիկահայ հետազօտող եւ թարգմանիչ Թամար Մարի Պօյաճեանն է, որ կը մասնագիտանայ միջնադարեան գրականութեան մէջ: Ան ստորագրած է նաեւ ինքնատիպ բանաստեղծութիւններ: Երրորդը դարձեալ ամերիկահայ, «Արփի» հրատարակչատան հիմնադիր, գեղանկարիչ Արփի Գրիգորեանն է: Ան է, որ գծագրած է օրացոյցին մէջ յիշուած գրագիտուհիներուն ոճաւորուած դիմանկարները:
Օրացոյցի կողքին վրայ խմբագրուհիները բացատրած են, թէ այս օրացոյցը ինչո՛ւ պատրաստեցին. «Այս օրացոյցը նուիրուած է Հայ գրողներուն, որոնք կին էին եւ ճիշդ այս պատճառաւ՝ գրական ասպարէզին մէջ կա՛մ միայն պահ մը երեւան եկան, կա՛մ ալ հազիւ իրենց անունը ձգելէն անմիջապէս ետք անհետացան մեր յիշողութենէն… 2024ի իւրաքանչիւր ամիսը գրողով մը կը ներկայացնենք հայկական եւ համայն աշխարհին, մաղթելով ստեղծել հոգատար ուշադրութիւն եւ արդէն յապաղած հետաքրքրութիւն մը մեր ինքնութեան ու յիշողութեան մէջ»:
Եւ, ապա՝ օրացոյցի 12 էջերը.
Յունուար
Սահակդուխտ (7րդ-8րդ դար)
Երաժիշտ-բանաստեղծ Սահակադուխտը կը ներկայանայ գեղեցիկ դիմանկարով մը: Ան հագած է մանիշակագոյն տարազ եւ պսակուած է մշտադալար դափնիով մը: Գառնիի ձորին մէջ կուսական կեանք վարած այս հայուհին հմտացած էր երաշտութեան եւ բանաստեղծութեան մէջ, ունէր աշակերտներ եւ կ՛ուսուցանէր վարագոյրի ետեւ նստած: Հոգեւոր երգեր, կցուրդներ եւ «քաղցրաեղանակ» մեղեդիներ յօրինած Սահակադուխտը օրացոյցին վրայ կը ներկայանայ մեզի ծանօթ իր միակ ստեղծագործութեամբ՝ Աստուածամօր ձօնուած երգի առաջին քառեակով.
«Սրբուհի Մարիամ, անապական տաճար
Եւ կենսատու էութեան ծնող եւ մայր.
Օրհնեալ ես դու կանանց մէջ,
Բերկրեալ տիրամայր եւ կոյս»:

Փետրուար
Սրբուհի Տիւսաբ (1840, Պոլիս-1901, Պոլիս)
Գրող, բանաստեղծ, հրապարակախօս, հասարակական-մանկավարժական գործիչ, հայ առաջին վիպասանուհի Ս. Տիւսաբ (ծնեալ՝ Վահանեան) հեղինակն էր երեք վիպակներու. «Մայտա», «Սիրանոյշ» եւ «Արաքսիա կամ Վարժուհին»: Նոր լեզուի՝ աշխարհաբարի պաշտպանութեամբ հանդէս եկած Տիւսաբ լոյս ընծայած էր կանանց հարցերու նուիրուած շարք մը յօդուածներ, ինչպէս՝ «Կանանց դաստիարակութիւնը», «Քանի մը խօսք կանանց անգործութեան մասին», «Կանանց աշխատութեան սկիզբը»: Տիւսաբ բողոքած էր կանանց անազատ վիճակին դէմ, պահանջած էր ուսումի եւ աշխատանքի իրաւունքը: Այս գաղափարախօսութեան ցայտուն արտայայտութիւնն է «Մայտա» վէպը: Գրագիտուհին օրացոյցի իր էջին վրայ կը ներկայանայ սոյն վէպէն առնուած մէջբերումով մը.
«Դուն, Մայտա, կը գանգատիս ընկերութեան անիրաւութենէն. բայց ի՞նչ փոյթ քեզ, երբ սիրտ մ’ունիս սիրելու համար, միտք՝ խորհելու, կամք՝ գործելու. ազատ ես, գործէ, եւ ով որ ազատ է եւ կը գործէ, կարեկցութեան տեղի չի տար: Դո՛ւն տէր ես գործոցդ եւ բախտիդ. անձնուիրութիւն մ’ես արդ եւ ոչ թէ շուք, ձայն մ’ես եւ ոչ արձագանգ. արշալոյսն ես որ օրն կ՛աւետէ. ո՛չ, ափսոսալի չես»:
Մարտ
Զապէլ Ասատուր (1863, Պոլիս-1934, Պոլիս)
Զ. Ասատուր բոլորիս յայտնի է իր գրագէտ ամուսնոյն՝ Հրանդ Ասատուրի աշխատակցութեամբ հրատարակած հայերէն քերականութեան եւ ընթերցանութեան դասագիրքերու շարքով, որ կը կոչուէր «Թանգարան» (յօդուածիս գրողն ալ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանին մէջ հայկական գրականութեան ծանօթացած է՝ «Թանգարան»ներ կարդալով): Պոլսոյ հայ դպրոցներու, մասնաւորաբար Եսայեան վարժարանի (18 տարի) հայոց լեզուի թանկագին ուսուցչուհի Զ. Ասատուրը օրացոյցին վրայ հանդէս կու գայ «Հայ Լեզուին» քերթուածով.
«Դո՛ւն առաջին վանկ շրթունքիս, առաջին վանկ իմ հոգւոյս,
Նախկի՛ն հնչիւն իմ մանկական լեզուիս հեզ,
Որով լացի ու երգեցի միշտ յուզումներս, իղձս ու յոյս,
Իմ մայրենի քաղցրի՛կ լեզուս, ողջո՜յն քեզ»:

Ապրիլ
Զապէլ Եսայեան (1878, Պոլիս-1943 (՞) Սիպերիա)
Ազգային-հասարակական գործիչ, ըստ Արշակ Չօպանեանի՝ «հայոց մեծագոյն գրագիտուհի» Զապէլ Եսայեան, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, մինչեւ Պաքուի բանտին մէջ գրած նամակները, եղաւ տոկուն եւ ցոյց տուաւ խիզախ կեցուածք: Ան օրացոյցին մէջ կը ներկայանայ բոցաշունչ խօսքերով.
«Ես պիտի հետապնդեմ իմ երազս ամէն ճանապարհներու վրայ, եւ հոգիս պիտի ստանայ իր ազատութիւնը: Կ՛ուզեմ իմ յոյսս եւ հաւատքս ներշնչել ամէնուն, առատաձեռն սերմանել ամէնուրեք, կ՛ուզեմ ըսել ոչ թէ աքսորի ընկերներ, այլ դառնանք պայքարի ընկերներ ու միասին փնտռենք ներշնչման մաքուր եւ հարազատ աղբիւրները»:
Մայիս
Հերանոյշ Արշակեան (1887, Պոլիս-1905, Պոլիս)
Վաղամեռիկ բանաստեղծուհի, որուն թախծութեամբ լի քերթուածները տեղ գտած էին մեր դասագիրքերուն մէջ: Անոր գրական վաստակը ամփոփուած կը յաւերժանայ 1909ին Պոլսոյ եւ 1956ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած ժողովածուներու դալկահար էջերու մէջ: Երիտասարդուհի Արշակեանը օրացոյցին վրայ յիշուած է յուզիչ քերթուածով մը.
«Չեմ կրնար գանգատիլ
Ո՜հ, հառաչ մը մինակ
Դուրս հանել ծաղկատի
Չոր կուրծքէս աւերակ»։
…
«Օր մ՛ալ կը կորսուիմ,
Անանո՜ւն, անքերթուած»:

Յունիս
Մալվինէ Վալիտէեան (՞,՞)
Կենսագրական տուեալները կը բացակային Մալվինէ Վալիտէեանի: Հայ ընթերցողին ծանօթ է անոր քնարական բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «Հոգիիս Երգերը» (1935, Պոլիս): Օրացոյցին մէջ բանաստեղծուհին կը ներկայանայ հետեւեալ խօսքով.
«Եթէ երբեք չես լացած,
Եթէ երգդ արցունքներով,
Գալարումով չես շինած,
Բանաստեղծ, լռէ՛»:
Յուլիս
Նեւրիկ Սեպուհեան (՞,՞)
«Ամուսնական Յարկին Երջանկութիւնը» գործի հեղինակ Նեվրիկ Սեպուհեան օրացոյցին մէջ հանդէս կու գայ զօրաւոր կնոջ իր պատկերացումով. «Խորհող կինը, այո՛, միմիայն զայն կը պշատեմ ես, իմաստուն, Անահիտեան իր դիցական գեղին մէջ, վասնզի, իրաւա՛մբ, տարբեր գեղեցիկն է ան իր նմաններէն, եւ անոր ուժեղ ձայնը պիտի երթայ հնչել մինչեւ ապագան», 1937:
Օգոստոս
Ատրինէ Տատրեան (1913/1915, Չորում – 2002, Նիս)
Սիպիլի աշակերտուհի, Վիեննայի եւ Պերլինի համալսարաներու ուսանողուհի, Պոլսոյ Արամեան-Ունճեան վարժարանի ուսուցչուհի Ատրինէ Տատրեան «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսի հրատարակիչներէն մէկն էր: Ան հեղինակն էր բազմաթիւ պատմուածքներու, քերթուածներու, հէքեաթներու, վէպերու, ինչպէս նաեւ՝ մանկական թատերախաղերու եւ դասագիրքերու: Ա. Տատրեան օրացոյցին մէջ, կարծես, թէ կը խօսի իր նկարագիրին մասին. «Կը կարդամ, կը գրեմ… Կը սիրեմ առանձնութիւնը»՝ «Մայթերուն Վրայ», 1955:
Սեպտեմբեր
Իրմա Աճէմեան (1936, Պոլիս-1990, Փարիզ)
Եսայեան վարժարանի շրջանաւարտ, Պոլսոյ համալսարանի մանկավարժական եւ հոգեբանական ճիւղերու ուսանող, ապա օրուան թերթերուն, յատկապէս՝ «Մարմարա» օրաթերթի աշխատակից, ուսուցչուհի, Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Իրմա Աճէմեանը օրացոյցին մէջ յիշուած է 1971ին իր գրի առած «Տալ Միայն» բանաստեղծութեամբ.
Տալ տալ միայն, գրել, պատռել էջերը…
…
«Լերան ծոցէն ամպին իշխել, չընկրկիլ,
Լեցուիլ սիրով, նուիրումով սրբանալ
Տալ, տալ երկար, գրել, պատռել էջերը»:
Հոկտեմբեր
Վեհանոյշ Թեքեան (1948, Պէյրութ)
Լիբանանահայ, այժմ Ամերիկաբնակ Վ. Թեքեան բանաստեղծ է եւ արձակագիր: Ան թղթակիցն էր «Գարուն», «Սովետական Գրականութիւն» եւ սփիւռքի շարք մը պարբերականներու. աշխատակցած է Պէյրութի «Սփիւռք» եւ «Բագին» հանդէսներուն, հայկական վարժարաններու մէջ դասաւանդած է լեզու եւ գրականութիւն: Օրացոյցին մէջ ան ունի լակոնական ոճով արտայայտուած, ինքնատիպ եւ խոր միտք մը. «Շնորհակալ եմ, որ զգուշացուցիր, թէ հայրենիքը սփիւռքահայ գրողի մը հոգիին լոյսով եւ մութով օծուն էջերուն հրուանդանն է»:
Նոյեմբեր
Մարուշ Երամեան (1955, Հալէպ)
«Ուրուագիծ Սփիւռքահայ Բանաստեղծութեան 1965-1995» գրական-ուսումնասիրական աշխատութեան, ինչպէս նաեւ թերթողական վեց գրքոյկներու ու պատմուածքներու երկու հատորներու հեղինակ, «Բանաստեղծութիւն» պարբերականի եւ «Մաշտոց» մատենաշարի խմբագիր Մարուշի բանաստեղծութիւնները նորաբոյր են եւ արդիական: Վահէ Օշական ակնարկելով Մ. Երամեանի գրականութեան՝ ըսած է. «Թարմ հով մը կը փչէ Սուրիոյ աւազներուն վրայէն…»: Երամեան օրացոյցին մէջ կը ներկայանայ իբրեւ արդիական բանաստեղծուհի.
«Բառը լռեց.
Ինչ որ եղած է
կը շարունակէ շքեղութեան մը մէջ անտես
անգուշակելի
եւ կ՛ըլլանք-ի վերջոյ-մէկ միասին
բառին հետ
որուն էինք սկիզբէն…»։
Դեկտեմբեր
Թամար Մարի Պօյաճեան (1981, Մաունթըն Վիու)
Օրացոյցի վերջին էջին վրայ ներկայացուած է օրացոյցի խմբագիրներէն Թամար Մ. Պօյաճեան: Ամերիկահայ այս արձակագիրին ու բանաստեղծին հետաքրքրութեան նիւթերն են հայկական ապագայապաշտութիւնը եւ արեւմտահայերէնի տեղը անոր մէջ, ինչպէս նաեւ վտանգուած լեզուներ, թարգմանական հարցեր եւ հայկական միջնադարեան գրականութիւնը: Դեկտեմբերի էջը ան պսակած է կանանց նուիրուած ինքնատիպ միտքով մը. «Եւ այսօր պիտի այս կիներուն մասին կարդայ: Որ գիրքերուն մէջ չեն գրուած։ …Եւ պիտի գրէ միշտ խորհելով, որ ո՞վ է գրողը: Եւ պիտի գրէ խորհելով, որ ինչո՞ւ կը գրէ»:
«Արեւմտահայ Գրագէտներ» օրացոյցը իր իւրայատուկ միտքով, գեղագիտական ճաշակով, ինչպէս նաեւ 12 էջերը զարդարող գեղանկարներով թանկագին նուէր մըն է հայ կիներու եւ հայկական գրականութեան համար: Կասկած չունինք, որ անիկա 2024ին պիտի զարդարէ հայկական բազմաթիւ տուներու, հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ դասարաններու պատերը: