
Շաբաթ, 9 Դեկտեմբերի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ տօնավաճառ-փառատօն, որուն աւարտին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի գլխաւորութեամբ՝ հոգեւոր հայրեր շարականներ հնչեցուցին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը խորհրդանշող մեծադիր մսուրին եւ նոր՝ 2024 տարուան գալուստը աւետող բարձրադիր տօնածառին առաջ, ապա ձեռամբ առաջնորդին լուսաւորուեցան մսուրը եւ կաղանդի ծառը՝ շրջափակը լեցուցած բազմաթիւ ներկաներէն խլելով խանդավառ ու ցնծագին բացագանչութիւններ:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերու եւ Հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ եւ շարք մը կամաւոր նուիրեալներու մասնակցութեամբ՝ եկեղեցւոյ տօնավաճառ-փառատօնը սկիզբ առաւ յետմիջօրէին եւ ժողովրդային տօնախմբութեամբ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամեր՝ ստեղծելով տօնական բացառիկ մթնոլորտ մը, որուն մէջ իրենց յատկանշական տեղը եւ դերը ունեցան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցող խումբերը եւ անհատները:
Իրօք, շատ խրախուսական երեւոյթ էր եւ իր տեսակին մէջ աննախընթաց՝ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգսյին վարժարանի եւ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի մանուկ եւ պատանի աշակերտներու մասնակցութիւնը՝ տօնական հոգեւոր երգերով, Համազգայինի «Անի» պարախումբի կրտսերներուն ոգեշնչող պարերը, ինչպէս նաեւ «Լիլիան», «Լիլի», «Իվոք» եւ «Զուարթնոց» պարային խումբերու կատարումները, եւ յայտագիրի աւարտին՝ երգիչ Յովհաննէս Պալեանի ստեղծած խանդավառութիւնը հայկական շունչով եւ ցնծագին ապրումներով լեցուցին շրջափակը եւ իւրաքանչիւր ներկայի հոգին:
Օրը հարուստ եղաւ աղօթքով, երգով, պարով, խաղերով, նուէրներով, տեսակ-տեսակ զուարճալիքներով, մինչ եկեղեցւոյ համայնքին կողմէ առաւել քան հազար այցելուներ ողողուեցան ընտանեկան ջերմութեամբ, ամբողջ ժամեր զուարթացան թէ՛ փոքրերը, թէ՛ մեծերը, որոնք նաեւ խաղերու եւ գնումներու ճամբով առնչութիւն ունեցան հաճելիին եւ օգտակարին հետ եո յիշատակի նկարներ վերցուցին լուսաւորուած մսուրին եւ տօնածառին հետ:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ