Հակառակ Պաքուի՝ զօրքերը սահմանէն հայելային ետ քաշելու Երեւանի առաջարկը մերժելուն՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան յայտնեց, որ հարցը տայաւին օրակարգի վրայ է, իսկ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին պատասխանը, ըստ անոր, վերջնական չէ: Սիմոնեան բացատրեց, հայկական կողմը կ՛առաջարկէ, որ զօրքերը մէկ-երկու քիլոմեթր ետ քաշուին:
«Խօսքը չի գնում սահմանապահների մասին, մեր համար նախընտրելի կը լինի, որ շփման գիծը կանգնած լինի սահմանապահը, եւ այդ տարբերակը, ըստ իս, դեռ ուժի մէջ է եւ առաջարկն օրակարգում է: Կարծում եմ, Բաքուն պէտք է եւս մէկ անգամ դիտարկի այդ առաջարկն ու համապատասխան արձագանգ տայ», ըսաւ Սիմոնեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ Պաքու համաձայնի զօրքերը հայելային ետ քաշուելուն, արդեօք այդ կը նշանակէ՞, որ Ատրպէյճանի զինուժը պէտք է դուրս գայ Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն՝ Ազգային ժողովի նախագահը ըսաւ, որ այս առաջարկը այլ բանի մասին է: «Խօսքը գնում է սահմանագծման ու լարուածութիւնն իջեցնելու համար եւ հնարաւոր կրակոցներից ու բախումներից զերծ մնալու համար յետքաշման մասին», ընդգծեց Սիմոնեան:
Սահմանէն զօրքերը հայելային ետ քաշելուն մասին պաշտօնական Երեւան առաջին անգամ խօսեցաւ Մայիս 2021ին, երբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ներխուժեցին Սիւնիքի մարզի Սեւ լճի տարածքը. Պաքու այդ ժամանակ չարձագանգեց:
Վերջերս, այս մասին խօսեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան` յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ կրնան այդ հարցին մէջ Պաքուի հետ համաձայնութեան գալ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը ոչ միայն չընդունեց այս առաջարկը, այլ պնդեց, թէ Ատրպէյճանի զինուժը կանգնած է իր տարածքներուն մէջ:
«Ատրպէյճանի բանակը այդ սահմաններուն հասաւ ոչ թէ մէկու մը բարի կամքով կամ հրաւէրով, այլ` ազատագրեց իր տարածքները 30 տարուան արիւնահեղութենէ ետք եւ այսօր կանգնած է իր սահմաններուն վրայ», ըսած էր Պայրամով: