
Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛Պրայըն «Ամերիկայի Ձայն»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ռազմագերիներու ազատ արձակման վերաբերող միացեալ յայտարարութեան եւ անոր յաջորդած քայլերուն՝ ըսելով. « Երեւանի եւ Պաքուի՝ իրարու հետ խօսիլը եւ գործնական համաձայնութիւններու հասնիլը իսկապէս կարեւոր են։ Այս շաբաթ բանտարկուած անձերը արդէն տունն են: Անոնք հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որ ցոյց կու տայ աջակցութիւն իրարու նկատմամբ` բազմաթիւ առումներով, ներառեալ՝ անոնց միջազգային ձգտումներուն», ըսաւ ան՝ յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ շատ շուտով ականատես պիտի ըլլան կողմերուն խաղաղութեան համաձայնագիրին հասնելուն:
«Երկու կողմերն ալ յայտարարեցին, որ շահագրգռուած են անորմով: Մենք, նաեւ Եւրոպական Միութեան մեր գործընկերները եւ միւսները պատրաստ ենք օգնելու: Կը փափաքէի այս բոլորին շուտով իր աւարտին հասած ըլլալը տեսնել, որովհետեւ շուտափոյթ խաղաղութիւն կնքելը հսկայական օգուտներ պիտի բերէ», ըսաւ ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդեօք պիտի հիւրընկալէ՞ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները մինչեւ տարեվերջ՝ Օ՛Պրայըն ըսաւ. «Մենք երկու երկիրներուն ըսինք, որ շատ ուրախ ենք աջակցելու անոնց միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու: Արդէն հիւրընկալած ենք երկու արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու քանի մը փուլեր, եւ դարձեալ այդ մէկը կ՛ընենք, եթէ կողմերը որոշեն, որ անիկա պիտի օգնէ իրենց՝ խաղաղութիւն կնքելու: Մենք պատրաստ ենք օգնելու: Երկու կողմերն ալ կը խրախուսենք հանդիպիլ, եւ մինչ այժմ երկու կողմերն ալ ըսած է, որ պատրաստ են աշխատելու այդ նպատակով»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճան ընդունեց Յունուարին Ուաշինկթընի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման Միացեալ Նահանգներու հրաւէրը, բայց յայտարարութենէն քանի մը ժամ ետք, թէ՛ Երեւան եւ թէ Պաքու շեշտեցին, որ հանդիպման պայմանաւորուածութիւն չկայ:
Ասոր զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլըր` մեկնաբանելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի յայտարարութիւնները՝ ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգները կ՛ողջունէ Թուրքիոյ արդիւնաւէտ դերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման մէջ:
Ըստ անոր՝ Ուաշինկթըն, ինչպէս Անգարա, կ՛աջակցին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերող ուղիղ բանակցութիւններուն:
Յայտնենք, որ 14 Դեկտեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Անգարա կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն: Ըստ անոր՝ եթէ Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւնները կարգաւորուին, Թուրքիա պիտի կարգաւորէ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները: