Հայաստանի մէջ Netflix-ի համար ժապաւէններ եւ ֆիլմաշարեր պիտի նկարահանուին։ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Հայաստանի Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, խորհրդարանի Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Սիսակ Գաբրիէլեան` տեղեկացնելով, որ գերմանացի յայտնի ֆիլմի դերասան եւ արտադրիչ Թիլ Շուայկըրի ներկայացուցիչին հետ 18 Դեկտեմբերին նախարարութեան մէջ ստորագրուեցաւ համապատասխան յուշագիր մը։
Ընդհանուր երեք ֆիլմ, «Underdog», «Dead by Dawn», «Collapse» («Նեթֆլիքս»ի 8 մասնոց ֆիլմ), որոնք կը նկարահանուեն Հայաստանում: Նկարահանումները նախատեսում են սկսել տարեսկզբին», նշեց Գաբրիէլեան։
«Փիփըլ աֆ Ար» ընկերութեան տնօրէն Արման Նշանեան, որ իր կարգին յուշագիրը ստորագրող կողմ է՝ յայտնեց, որ ժապաւէններու նկարահանման գործընթացին մէջ պիտի ներգրաւուին Հայաստանի ստեղծագործական համալսարաններու ուսանողներ` կարելիութիւն ունենալով գտնուիլ ֆիլմարտադրական հրապարակին մէջ, ձեռք բերել մասնագիտական հմտութիւններ եւ կարողութիւններ:

Համագործակցութիւնը նաեւ կարելիութիւն պիտի տայ ապահովելու Հայաստանի պատշաճ դիրքաւորումը միջազգային շարժապատկերի հարթակներուն վրայ, զայն ճանչնալով իբրեւ ներդրումներու մասնակի վերադարձի (cash rebate) համակարգ ունեցող երկիր, ինչ որ պիտի խթանէ օտար արտադրողներու ներդրումները Հայաստանի տնտեսութեան մէջ:
Կողմերը պիտի համագործակցին նաեւ ենթաօրէնսդրական կանոններու մշակման եւ ոլորտին մէջ բարեփոխումներու իրականացման ուղղութիւններով: