Ատրպէյճանի խորհրդարանի երեսփոխան Կուտրաթ Հասանկուլիեւ առաջարկեց ատրպէյճանցի գաղթականները, որոնք նկուղներու մէջ կ՛ապրին, տեղաւորել բռնագրաւուած Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի դատարկ տուներուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
«Հայկական յարձակումին պատճառով մեր մեծ թիւով քաղաքացիներ մնացած են անտուն: Որքա՞ն պիտի սպասենք Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանցիները դատարկ տուներու մէջ տեղաւորելու հարցին մէջ: Մեր ընտրողները անընդհատ մեզի այս մասին կը հարցնեն: Թերեւս արտաքին գործոց նախարարութենէն մէկը այս հարցումին պատասխան ունի՞», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, «Ատրպէյճանական երկաթուղիներ» ընկերութեան շինարարական նախագիծերու բաժինի ղեկավար Թուրալ Ապպասլի յայտնեց, որ ընկերութիւնը 2024ին բռնագրաւուած Արցախի տարածքին մէջ պիտի սկսի Ակնա-Ստեփանակերտ նոր երկաթուղային գիծի կառուցման:Ըստ անոր, այս ճամբու նախագծումը սկսած է. արդէն կատարուած է տարածքի նախնական զննութիւնը եւ նախատեսուած է ճամբու նախնական երթուղին:
«Այս նախագիծին նպատակն է՝ Խանքենդին (Ստեփանակերտ) եւ Շուշան (Շուշի) միացնել երկրի երկաթուղային ցանցին, արտօնել այդ ուղղութեամբ արդիւնաւէտ ճամբորդութիւններ եւ բեռնափոխադրութիւններ, ինչ որ պիտի նպաստէ երկարամեայ բռնագրաւումէն ազատագրուած տարածքներու ամբողջական վերականգնման», ընդգծեց Ապպասլի: