Ատրպէյճանի խոշտանգումներուն դէմ կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելեցին Ատրպէյճանի պետական ապահովութեան ծառայութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան մէջ պահուող Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին, զօրավարներ Դաւիթ Մանուկեանին եւ Լեւոն Մնացականեանին:
Խոշտանգումներուն դէմ կոմիտէի փոխնախագահ Էլչին Շիրինով ատրպէյճանական «Ռիփորթ»ին յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն էր՝ ստուգել պահելու պայմանները եւ բանտարկեալներուն հետ վարուելու կանոնները:
«Հանդիպման ընթացքին բանտարկեալները գոհունակութիւն յայտնեցին կեցութեան պայմաններուն գծով եւ յայտնեցին, որ իրենց համար պարբերաբար զբօսանքներ կը կազմակերպուին, պայմաններ կը ստեղծուին ընտանիքի անդամներուն հետ շաբաթական դրութեամբ հեռաձայնային կապի մէջ ըլլալու, ապահովուած են անհրաժեշտ գիրքերով, հասանելիութիւն ունին հեռատեսիլին, ելեկտրոնային գրադարանին, ինչպէս նաեւ կրնան օգտուիլ մարզասրահէն», կը նշէ «Ռիփորթ»ը` նաեւ տեղեկացնելով, որ ընտանիքի անդամներուն խնդրանքով անոնց փաստաբան տրամադրուած է։
«Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները բանտարկեալներուն փոխանցեցին հարազատներուն կողմէ ուղարկուած ծանրոցները», յայտնեց Շիրինով: