Երեւան հաստատեց, որ ստացած է խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին վերաբերող Պաքուի նոր առաջարկները։ Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
Օր մը առաջ, Ատրպէյճանի պետական AzTV-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` առանց փակագիծեր բանալու անոր բովանդակութեան վերաբերեալ:
«Գործընթացը կը շարունակուի: Կը կարծեմ, թէ հանդիպումները տեղի պիտի ունենան արդէն 2024ին: Մենք այս հարցին իրատեսօրէն եւ լաւատեսօրէն կը նայինք: Երբ կը խօսինք խաղաղութեան համաձայնագիրին մասին, պէտք է հասկնանք, որ այդ չի նշանակեր բոլոր հարցերու 100 տոկոսին լուծումը», նշեց Պայրամով։
Ան յիշեցուց, որ Պաքու խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ առաջարկներու ծրարը Երեւանէն ստացաւ այս տարուան Նոյեմբերի աւարտին, եւ մէկ ամսուան ընթացքին զանոնք մշակեց ու ներկայացուց հայկական կողմին:
Յստակ չէ տակաւին, եթէ խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ ամրագրուած են սահմանազատման վերաբերող սկզբունքները: Պաքու վերջերս կը խօսի խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ սահմանազատման գործընթացը իրարմէ անջատելու մասին:
Պայրամով պնդեց, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ բոլոր կարեւոր նախաձեռնութիւններուն հեղինակը Ատրպէյճանն է։