Ատրպէյճանի Միլլի մեճլիսը (խորհրդարանը) ««Արեւմտեան ատրպէյճանցիներ»ուն` իրենց պատմական հայրենիք վերադառնալու» մասին յատուկ յայտարարութիւնը ընդունեց:
Ըստ այդ փաստաթուղթին՝ ««Արեւմտեան ադրբեջանցիներ»ուն պատմական հայրենիքը» Հայաստանն է:
«Ատրպէյճանցիները դարեր շարունակ ապրած են ներկայի Հայաստանի տարածքին մէջ: Պատմական փաստաթուղթերը եւ քարտէսները կը վկայեն, որ հոն ապրող բնակչութեան մեծ մասը ատրպէյճանցիներ եղած են», ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութեան, կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ, զոր խորհրդարանին մէջ ներկայացուց «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք»ի նախագահ, պատգամաւոր Ազիզ Ալեքպերլի: