Լաչինի միջանցքին մէջ 29 Յուլիս 2023ին, ատրպէյճանցիներուն կողմէ առեւանգուած եւ կեղծ մեղադրանքով դատապարտուած Վագիֆ Խաչատրեան վերաքննիչ բողոք ներկայացուց դատարանի վճիռին դէմ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
25 Դեկտեմբերին, վերաքննիչ դատարանին մէջ ուսումնասիրուեցաւ Վագիֆ Խաչատրեանի վերաքննիչ բողոքի ապացոյցները եւ անձնական տուեալները:
Առաջին դատական նիստը ճշդուեցաւ 7 Յունուար 2024ին։