Արամ Ա. կաթողիկոսը տօնական օրերու հայրական այցելութիւներու շարքին, կ՛այցելէ նաեւ «Թռչնոց Բոյն»ի փոքրիկներուն եւ տօնակից կը դառնայ անոնց մանկական խնդութեանց։ Առ այդ, Երեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերին, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբաններու՝ հայրապետը «Թռչնոց Բոյն»ի մանուկներուն կողմէ սիրալիր ընդունելութիւն ստացաւ եւ հաճելի ժամանակ անցուց՝ շրջապատուած տօնական մթնոլորտով։
Մտերմիկ հանդիպման պահուն, փոքրիկները վեհափառին հրամցուցին ամանորեայ եւ Ս. Ծննդեան երգեր ու արտասանութիւններ։ Փոքրիկններուն ցնծութիւնը գագաթնակէտին հասաւ, երբ հայրապետէն ստացան Նոր տարուան իրենց նուէրները։


Աւարտին, կաթողիկոսը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց մանուկներուն եւ գնահատեց հոն տարուող աշխատանքները։
Ան նաեւ գնահատեց պատասխանատու հայր սուրբներ Տաճատ վրդ. Աշըգեանը եւ Արտաւազդ վրդ. Շառոյեանը, Տիկնաց յանձնախումբը, պաշտօնէութիւնը եւ «Թռչնոց Բոյն»ի բարերարները, նուիրատուները ու բարեկամները։