«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ, հակառակ անոր որ եօթը ամիսներէ ի վեր, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարները Փութինի միջնորդութեամբ չէին կրցած հանդիպիլ, սակայն այս օրերուն Մոսկուան դարձեալ կը խօսի երկու երկիրները հաշտեցնելու մասին՝ ընդգծելով, որ պատրաստ է այդ պատասխանատուութիւնը առնելու իր վրայ: 27 Դեկտեմբերին այդ մասին յայտարարութիւններ հնչեցին թէ՛ Քրեմլինէն եւ թէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն։
«Նկատի ունենալով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու դաշնակցային բնոյթը` մենք պատրաստ ենք ամէն ձեւով նպաստել խաղաղութեան եւ կայունութեան, նաեւ՝ Հայաստանի բարգաւաճման: Ասիկա իսկապէս կարեւոր է մեզի համար կարգ մը պատճառներով` մեր ընդհանուր պատմութիւնը եւ ժողովուրդներու ու մշակոյթներու փոխադարձ ներթափանցումը, տարածաշրջանային կայունութիւնը, ընդհանուր հարցերը եւ մարտահրաւէրները, զորս միասին լուծելը աւելի դիւրին է», յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Նախօրէին, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդները ընդունեցին Փութինի հրաւէրը ու մեկնեցան Ս. Փեթերսպուրկ՝ ԱՊՀի ոչ-պաշտօնական վեհաժողովին, ուր կարճ, ինչպէս Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով 27 Դեկտեմբերին յայտնեց՝ ոտքի վրայ զրոյց ունեցան եւ ոչ թէ բանակցութիւններ։
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Մոսկուա Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մօտ քաղաքական կամքի առկայութիւնը կը տեսնէ՝ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար եւ կը պաշտպանէ այդ քայլը:
«Մենք կը կարծենք, թէ նման համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ թէ՛ երկու երկիրներուն եւ թէ ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար», ըսաւ Փեսքով՝ աւելցնելով, որ ռուսական կողմը կ՛արձանագրէ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կ՛ընթանան խաղաղութեան համաձայնագիրին վրայ աշխատանքները աւարտելու ուղղութեամբ: «Յոյս ունինք, որ այդ մէկը տեղի ունենայ կարելի եղածին չափ շուտ, անշուշտ` ոչ ի վնաս որակի: Այդ պատճառով ալ մենք բոլորին պէս կը սպասենք, որ այդ աշխատանքը աւարտի»։
Հանդիպումին եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան մօտալուտ ըլլալուն մասին տեղեկութիւններ ունենալու համար, «Արմէնփրէս»ը դիմեց Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեանին, որ ըսաւ, թէ Հայաստանի նպատակը կարելի եղածին չափ շուտ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրելն է, սակայն անոր մէջ պէտք է արտացոլան հայկական կողմին բարձրացուցած սկզբունքները, եւ անիկա ըլլայ փաստաթուղթ մը, որ իսկապէս խաղաղութիւն պիտի բերէ տարածաշրջանին եւ Հայաստանին։
«Ինչ վերաբերւում է երէկուայ հանդիպմանը, բնականաբար, ոչ-պաշտօնական խօսակցութեան մանրամասներին առայժմ ծանօթ չեմ: Բայց կարեւոր է, որ շփումները շարունակուեն բոլոր մակարդակներում, որովհետեւ եթէ բանակցութիւններ տեղի չեն ունենում, նշանակում է նաեւ գործընթացը առաջ չի շարժւում: Իսկ Հայաստանը նպատակադրուած է, որպէսզի գործընթացը հնարաւորինս արագ եւ սահուն առաջ գնայ», ընդգծեց Խանդանեան:
Ըստ անոր՝ հայկական կողմին համար կը շարունակէ կարեւոր մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը, սահմաններու սահմանագծման սկզբունքներիու հասցէագրումը փաստաթուղթին մէջ, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան եւ տնտեսական կապուղիներու բացման համար հիմնարար սկզբունքներու ճանաչումը Ատրպէյճանի կողմէ: Խանդանեան դիտել տուաւ, որ այս բոլորը կարելիութիւն պիտի տան աւելի արագ հասնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան:
Յիշեցնենք, որ վերջերս, Երեւան ստացաւ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ Պաքուի առաջարկները: Պատասխանելով «Արմէնփրէս»ի այն հարցումին` թէ արդեօք ազդակ կա՞յ, որ Ատրպէյճանի համար ընդունելի են հայկական կողմին հանրահռչակած սկզբունքները՝ Խանդանեան ըսաւ. «Փաստաթղթի մակարդակում դժուար է այդ ազդակների մասին խօսել, մանաւանդ, որ դրա շուրջ կառավարութիւնն է բանակցում եւ հասանելիութիւնը սահմանափակ է: Այնուամենայնիւ, շատ կարեւոր է, որ այն արձանագրումները, որն Հայաստանն է անում, Ադրբեջանի կողմից ընդունուեն եւ ընդունուեն նաեւ հրապարակայնօրէն, ինչը հնարաւորութիւն կը տայ առաջ շարժուել»:
Հաւանական յառաջխաղացքի մը մասին 27 Դեկտեմբերին գրեց նաեւ ռուսական «Քոմերսանթ»ը: Յղում կատարելով իր աղբիւրներուն՝ թերթը պնդեց, որ Փաշինեան եւ Ալիեւ առաւեկ քան երբեք մօտեցած են խաղաղութեան համաձայնագիրի մը ստորագրութեան: Թերթը կը տեղեկացնէ, թէ ասոր նպաստած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի խօսնակին «աղմկայարոյց յայտարարութիւնը», ըստ որուն, Երեւան պատրաստ է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու` առանց սահմանազատման, այդ մէկը ձգելով ապագային: Անկէ օր մը առաջ, նման յայտարարութիւն մը կատարեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականը:
Ատրպէյճանի նախագահականի աղբիւրները «Քոմերսանթ»ին յայտնեցին, թէ կողմերը կ՛ակնկալեն խաղաղութեան համաձայնագիրի մը ստորագրութեան հասնիլ Ամանորէն քիչ ետք, սակայն, ցարդ յստակ չէ, թէ ո՛ւր պիտի ստորագրուի փաստաթուղթը, որո՛ւն միջնորդութեամբ եւ ի՛նչ պայմաններով։
Մինչ այդ, ռուսական լրատուամիջոցները կը վերլուծեն Փաշինեանի՝ 27 Դեկտեմբերի այցելութիւնը Ռուսիա՝ փաստելով, որ դաշնակից երկրին ղեկավարները ամիսներով պոյքոթի կ՛ենթարկէին Մոսկուայի նախաձեռնած ժողովները: Թէեւ Փաշինեան վերջապէս մեկնեցաւ եւ նոյնիսկ ստանձնեց ԵԱՏՄի նախագահութիւնը, բայց նոյն ատեն յայտարարեց, որ անիկա բացառապէս տնտեսական միութիւն է, ոչ թէ քաղաքական կամ առաւել եւս աշխարհաքաղաքական:
«Միաժամանակ, խորհրդանշական է, որ կառոյցի համար յոբելեանական` յաջորդ տարում նախագահութիւնը ստանձնելու է Հայաստանը, որն ամենաշատն է վերջին տարիներին քննադատում դաշնակիցներին` համագործակցութեան պակասի ու անգործութեան համար», կը յայտնէ «Ազատութիւն»ը: