ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐԵՒԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան կարելիութիւններ կը տեսնէ: Երեւան այցելող Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ 27 Դեկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Միրզոյեան յայտնեց Պաքուի կառուցողական մօտեցման յոյս ունենալուն մասին:
«Որեւէ պետութիւն միայնակ դժուար թէ կարողանայ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել. մենք տեսնում ենք դրական ազդակներ, ինչպէս օրինակ, վերջին շփումների արդիւնքում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը, երբ որ տեղի ունեցաւ ռազմագերիների ու պահուող անձանց ազատ արձակում, միւս կողմից էլ տեսնում ենք բացասական ազդակներ, ես նկատի ունեմ պարբերաբար հնչող ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) խօսքերը, կոչերն Ադրբեջանից, բարձրաստիճան հանդիպումներից խուսափելը: Տարբեր առաջարկներ կան, բայց այդ հանդիպումները վերջին շրջանում տեղի չեն ունենում», ըսաւ Միրզոյեան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ օր մը առաջ Ալիեւ-Փաշինեան շփումներուն ընթացքին Ալիեւ պատրաստակամութիւն յայտնե՞ց Հայաստանի պնդած 3 սկզբունքներով ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը՝ Միրզոյեան յստակ բան չըսաւ, բայց դիտել տուաւ, որ սահմանազատման սկզբունքները կը քննարկուին։
«Մեզ համար չափազանց կարեւոր է, որ հետագայ սահմանազատման գործընթացը կանխատեսելի լինի, դրա սկզբունքները, դրա հիմքերը ֆիքսուեն (ճշդուին) խաղաղութեան պայմանագրում, մեր համար, օրինակ, քարտէզների յիշատակումն այդպիսի մի դրսեւորում է` վստահանալու, որ որոշակի կանխատեսելիութիւն է ապահովւում` չկանխորոշելով արդիւնքները, հակառակ դէպքում սահմանազատման գործընթացն անիմաստ կը լինի, բայց ապահովելու այդ տեսանելիութիւնը, կանխատեսելիութիւնը: Պայմանագրի վերջնական տեքստ (բնագիր) չունենք, հետեւաբար ես չեմ կարող եւ որեւէ մէկը չի կարող ասել` ինչ կը լինի վերջնական բանակցութիւնների արդիւնքում: Այս պահին, այո՛, մենք քննարկում ենք քարտէզների ընդգրկման հնարաւորութիւնը` որպէս ասհմանազատման սկզբունք ամրագրելու, սահմանազատման համար կանխատեսելիութիւն ապահովելու փորձ», ըսաւ Միրզոյեան:
Ապտոլլահեան իր կարգին յայտարարեց, որ թէ՛ վարչապետ Փաշինեանի եւ թէ Միրզոյեանի հետ հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հարաւային Կովկասի մէջ Թեհրանի դերակատարութեան՝ իբրեւ կայունութեան երաշխաւոր: Ըստ անոր՝ յառաջիկայ ամիսներուն կարելի է կայուն խաղաղութիւն. թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Ատրպէյճան տրամադրուած են անոր։ Ան դիտել տուաւ, որ նախքան Երեւան գալը Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ պաշտօնակիցներուն հետ ինք քննարկեց Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ան Երեւան եկած է առաջարկներո՞վ եւ արդեօք Թեհրան կը յաւակնի՞ խաղաղութեան համաձայնագիրի երաշխաւորը դառնալ՝ Ապտոլլահեան ըսաւ. «Իրան կ՛ուզէ, որ Հայաստանի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը ապահովուած ըլլան առանց արտաքին ուժերու միջամտութեան եւ տարածաշրջանային երաշխաւորներու շնորհիւ` Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջոցով հաստատուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն»։
Լրագրող մը հարցուց, որ Երեւան ինչպէ՞ս կը տեսնէ Իրանի դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման առումով. Միրզոյեան պատասխանեց՝ ըսելով. «Մենք քանիցս լսել ենք Իրանի մօտեցումները խաղաղութեան մասին, Իրանի յստակ դիրքորոշումը տարածքային ամբողջականութեան մասին, Իրանի յստակ դիրքորոշումը սահմանների անձեռնմխելիութեան մասին, եւ սա թերեւս լաւագոյնն է, որ այս պահին, կարծում եմ, կարող է վարել խաղաղութեան գործընթացի համար: Անշուշտ կարող են արուել հանդիպումների կազմակերպումներ եւ այլն` տարբեր կողմերի կողմից, բայց միեւնոյն ժամանակ շարունակաբար ու շատ վճռականօրէն հաստատակամ կերպով նշելով այն սկզբունքները, որոնց վրայ պէտք է յենուած լինի այդ խաղաղութիւնը, կարծում եմ, երեւի ամենամեծ ներդրումներից մէկն է այդ գործընթացում»։
Ան հաստատեց, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու օգտագործման գծով Հայաստանի եւ Իրանի մօտեցումները համահունչ են. Երեւան կը պնդէ, որ ապաշրջափակումը պէտք է տեղի ունենայ երկիրներու ինքնիշխանութեան յարգումով:
Ապտոլլահեան շեշտեց, որ Իրան կ՛աջակցի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան եւ կ՛ողջունէ Երեւանի առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի գաղափարը: Ան նաեւ Երեւանը զգուշացուց Միացեալ Նահանգներէն՝ դիտել տալով, որ եթէ Կազայի հատուածին մէջ կը փորձեն ցեղասպանութիւն կատարել, պէտք չէ կասկածի տակ դնել այն, որ Իսրայէլ պիտի չյաղթէ:
Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Միրզոյեան ինչպէ՛ս կը մեկնաբանէ վերջին շրջանին այն տպաւորութիւնը, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը կ՛երթայ դէպի եւրոպական համարկում, սակայն վարչապետին` Ռուսիա այցելութենէն ետք տպաւորութիւն կայ, թէ ուղղութիւնը դէպի Մոսկուա է:
«Քաղաքականութեան մէջ, մասնաւորապէս, Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնների մասին խօսելիս, պէտք է առաւելագոյնս ուշադիր լինենք ձեւակերպումների հանդէպ եւ չառաջնորդուենք պարզունակ գնահատումներով», ըսաւ Միրզոյեան:
Անդրադառնալով հայկական կողմի դժգոհութիւններուն, որոնք կը վերաբերին ռուսական կողմին՝ Միրզոյեան ըսաւ. «Երբեք չենք թաքցրել, որ եղել են մի շարք խնդիրներ, որոնց մասին մենք բարձրաձայնել ենք: Այդ խնդիրները վերաբերում են առաջին հերթին երկկողմ ռուսական, նաեւ ՀԱՊԿի շրջանակներում Հայաստանի ունեցած ակնկալիքներին եւ այդ ակնկալիքների արդարացմանը կամ չարդարացմանը: Այդ խնդիրները եղել են, այդ խնդիրները մենք տեսել ենք ե՛ւ այն դէպքերում, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններն են խախտուել եւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքներն են յայտնուել օկուպացիայի (գրաւման) տակ, ե՛ւ այն Լեռնային Ղարաբաղում խաղաղապահների գործունէութեան կամ անգործութեան դէպքերում, ու բազմաթիւ այլ, այդ թւում` որոշակի տնտեսական հարցերում»:
Միրզոյեան աւելցուց, որ ՀԱՊԿն այնպիսի կազմակերպութիւն է, որուն անդամները պարտաւոր են պաշտպանել իրարու սահմանները, «մեր սահմանները խախտուել են եւ մենք տեսել ենք, որ էս կազմակերպութիւնն էնքան էլ չի շտապել այդ սահմանները պաշտպանել»: