Չորս տարիներ երկարած դատաքննութիւններէ ետք, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցաւ՝ իր իսկ միջնորդութեամբ:
Իր նախագահութեան օրերուն 3 միլիոն տոլար կաշառք ստանալու յանցանքով մեղադրուող Քոչարեան 26 Դեկտեմբերին դիմեց դատարան՝ ըսելով, որ անցած է այս գործով վաղեմութեան ժամկէտը, ինչ որ իրեն կարելիութիւն կու տայ ազատիլ քրէական հետապնդումէն, բայց առանց արդարացման կամ մեղադրական դատավճիռի:
27 Դեկտեմբերի նիստին, նախկին նախագահը շատ կարճ կերպով անդրադարձաւ այս հարցին, անկէ առաջ ալ մերժեց պատասխանել լրագրողներու հարցումներուն։
Դատաւորին հարցումին` «պարոն Քոչարեան, պնդո՞ւմ էք ձեր միջնորդութիւնը», ան պատասխանեց՝ ըսելով. «Յարգելի դատարան, այո՛, պնդում եմ»:
Դատաւոր Աննա Դանիբեկեան խորհրդակցական սենեակին մէջ շուրջ մէկ ժամ մնալէ ետք հրապարակեց Քոչարեանի քրէական հետապնդումը դադրեցնելու որոշումը.
«Դատարանը որոշեց Ռոբերտ Սեդրակի Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադարեցնել` քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու վաղեմութեան ժամկէտն անցած լինելու հիմքով; Ռոբերտ Սեդրակի Քոչարեանին պատկանող` քաղաք Երեւան, Իսակովի պողոտայ 23/7 հասցէի տան եւ դրամական միջոցների նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոց գրաւը վերացնել։ Գայեանէ Ռոբերտի Քոչարեանի կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան Վերաքննիչ քրէական դատարանի դեպոզիտ (աւանդի, պահ դրուած կանխավճարը) հաշուին վճարուած 2 միլիարդ ՀՀ դրամ գրաւի գումարը վերադարձնել Գայեանէ Ռոբերտի Քոչարեանին»:
Աննա Դանիբեկեան երկու տարի առաջ եւս՝ Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք, նախկին նախագահը արդարացուց 1 Մարտի 2008ի յետ ընտրական արիւնալի իրադարձութիւններուն գործով, անկէ ետք դատարանը սկսաւ քննել միայն կաշառք ստանալու մեղադրանքը: Նախկին նախագահը պարբերաբար կը յայտարարէր, թէ ինք անմեղ է՝ կաշառք չէ առած:
Ինչո՞ւ, սակայն, ան չգնաց մինչեւ վերջ` ապացուցելու իր անմեղութիւնը եւ փոխարէնը համաձայնեցաւ փակել իր դէմ գործը: Անոր փաստաբանը՝ Միհրան Պօղոսեան բացատրեց, որ 69ամեայ պաշտպանեալը առողջական հարցեր ունի եւ պէտք է արտերկրի մէջ բուժուի, բայց դատաւոր Աննա Դանիբեկեան մնայուն կերպով մերժած էր իրենց եւ թոյլ չէր տար, որ անոր երկիրէն հեռանան: Քոչարեան ընտրեց այս ուղին, որպէսզի կարենայ բուժուիլ: