Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները այս ամսուան ընթացքին անգամ մը եւս տեսակցեցան Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ գերիներուն եւ բանտարկեալներուն հետ։ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց ԿԽՄԿի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Զառա Ամատունի` նշելով, որ տեսակցութիւններուն առանցքը անոնց կեցութեան պայմանները, առողջական վիճակը եւ անոնց հանդէպ վերաբերմունքն էր:
«Ցանկացած նկատառում, որը վերաբերում է այս հարցերին, քննարկւում է միայն պահող իշխանութիւնների հետ», ըսաւ Ամատունի:
Ան տեղեկացուց, որ Պաքուի մէջ պահուող հայերը կարելիութիւն ունեցած են կապ հաստատելու իրենց հարազատներուն հետ, առանձնազրոյցներ տեղի ունեցած են եւ ընտանիքները Կարմիր Խաչին միջոցով, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ համաձայնեցուած կարգով փոխանցեցին անձնական բնոյթի իրեր պարունակող ծանրոցներ:
«Սա առաջին անգամ չէ, որ նրանք հարազատներից ծանրոցներ են ստանում. սա պարբերաբար, որոշակի ժամանակահատուածը մէկ կիրառուել է այս ընթացքում», յայտնեց Ամատունի:
Ան չնշեց, թէ քանի՛ անձերու հետ տեսակցած են, բայց ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւրը ընտանիքին հետ մնայուն կապի մէջ է:
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող գերիներու հարազատները ըսին, որ ուղարկած են շուրջ 30 քիլոկրամ ծանրոց ՝ տուրմ, չիրեր, ծխախոտ, տաք հագուստ եւ այլն: