Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ Արեւմուտքը անտարբեր է հայ բնակչութեան ճակատագիրին հանդէպ, իսկ Ռուսիոյ համար Հայաստանի բարգաւաճումը շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի:
«Անցնող տարին բարդ էր բազմաթիւ երկիրներու եւ աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներու համար: Անիկա բարդ էր նաեւ Հայաստանի՝ մեզի բարեկամ ժողովուրդին համար: Մենք տարբեր կը տեսնենք` Երեւանը ներգրաւելու աւելի վտանգաւոր աշխարհաքաղաքական խաղերու մէջ: Մենք կը տեսնենք, որ Արեւմուտքը բացարձակապէս անտարբեր է հայ բնակչութեան ճակատագիրին եւ Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ: Անոնք կ՛օգտագործեն անոնց (հայերուն) զգացումները, անոնց պատմական յիշողութիւնը, ցաւը եւ տառապանքը՝ բացառապէս իրենցն շահերուն համար», յայտարարեց Զախարովա, իսկ Ռուսիոյ մասին խօսելով՝ ան ըսաւ, թէ՝ նկատի ունենալով յարաբերութիւններու դաշնակցային բնոյթը` իրենք պատրաստ են ամէն ձեւով աջակցելու խաղաղութեան, Հայաստանի կայունութեան եւ բարգաւաճման: «Մեզի համար այդ մէկը իսկապէս կարեւոր նշանակութիւն ունի», շեշտեց Զախարովա։
Ան նաեւ Հայաստանի ժողովուրդին իր մաղթանքը յղեց՝ ըսելով. «Իմ կողմէ Հայաստանի ժողովուրդին սրտանց կը մաղթեմ խաղաղութիւն, բարգաւաճում նոր տարուան ընթացքին եւ կարելի եղածին չափ քիչ հարցեր, քան որքան անոնք բախեցան անցած տարի»։