Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն մէջ այժմու տարակարծութիւնները այն նիւթերէն էին, որոնց մասին մանրամասնօրէն խօսեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով «Թասս» պետական գործալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դժուարութիւնները ժամանակաւոր բնոյթ ունին, եւ քաղաքական կամքով անոնք պիտի յաղթահարուին:
«Հայաստան այժմ դէմ յանդիման կանգնած է շարք մը մարտահրաւէրներու, որոնք կարելի չէ յաղթահարել արեւմտեան խաղացողներու օգնութեամբ», ըսաւ Լաւրով: Արդարեւ, ըստ անոր, արեւմտեան երկիրները չեն ձգտիր խաղաղութիւն եւ կայունութիւն բերել Հայաստանին եւ ամբողջ Հարաւային Կովկասին, «անոնց հարցը Մոսկուանդուրս մղելն է»:
Ըստ Լաւրովի՝ Հայաստանի յայտնուած բարդ իրավիճակէն դուրս գալու միակ ելքը Երեւանի, Պաքուի եւ Մոսկուայի եռակողմ համաձայնութիւններու գործադրութիւնն է:
Երկու օր առաջ, շուրջ եօթը ամիսներու դադարէն եւ Արցախի հայաթափումէն ետք, առաջին անգամ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ԱՊՀի ոչ-պաշտօնական վեհաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ոտքի վրայ զրուցեցին: Անկէ ետք, Մոսկուա եւ ռուսական մամուլը յայտնեցին, որ Հայաստան եւ Ատրպէճան պատրաստ են շուտով ստորագրելու խաղաղութեան համաձայնագիրը:
Յստակ չէ, թէ որո՛ւն միջնորդութեամբ պիտի շարունակուին բանակցութիւնները, սակայն, Մոսկուա տեղեկացուց, թէ միակ ճիշդ ճամբան ի՛ր միջնորդութիւնն է, եւ ընդհանրապէս Երեւան կը զգուշացնէ Արեւմուտքի, առաւել եւս՝ ՆԱԹՕին հետ մերձեցումէն:
«Յոյս ունիմ, որ Երեւան կը գիտակցի, թէ ՆԱԹՕի հետ փոխգործակցութեան խորացումը պիտի առաջնորդէ ազգային պաշտպանութեան եւ ապահովութեան ոլորտին մէջ ինքնիշխանութեան կորուստի», յայտնեց Լաւրով:
Ան շեշտեց, որ Երեւան կը փորձէ վերաձեւակերպել իր արտաքին քաղաքականութեան գիծը եւ Մոսկուայի հետ դաշինքը կը փոխարինէ ոչ թէ Արեւմուտքի յստակ օգնութեան, այլ լղոզուած խոստումներուն հետ:
Աւելին՝ հարցազրոյցին ընթացքին Լաւրով յայտարարեց, թէ Երեւան Մոսկուան կը մեղադրէ Ղարաբաղի կորուստին մէջ, ռազմավարական շրջադարձին ընթացքը արդարացնելու համար: Մինչդեռ Ռուսիոյ ռազմական ներկայութիւնն է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան ապահովման առանցքային տարրը:
«Հայաստանի տարածքին մէջ 102րդ ռուսական ռազմակայանի տեղադրման նպատակայարմարութեան վերաբերեալ քննարկումները վնասակար կը նկատենք: Անոր տեղակայման մասին համաձայնագիր կնքուած է 16 Մարտ 1995ին՝ հիմնուելով առաջին հերթին ազգային շահերուն եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ամրապնդման մեր պետութիւններու ընդհանուր նպատակին վրայ», յայտնեց Լաւրով՝ պնդելով, որ Հայաստան եղած է եւ կը մնայ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերը Հարաւային Կովկասի մէջ: