
Երուսաղէմի հայ համայնքի ներկայացուցիչները կը պնդեն, թէ 28 Դեկտեմբերին, առաւել քան երեք տասնեակ զինուած դիմակաւոր անձեր ներխուժեցին վիճայարոյց դարձած «Կովերու պարտէզ»ը եւ յարձակեցան եպիսկոպոսներու, քահանաներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու վրայ. կան ծանր վիրաւորներ եւ ձերբակալուողներ:
«Այդ յարձակողները, որոնք ուղարկուած էին ընկերութեան կողմէ, փորձեցին հողատարածքը առնել, բայց, բարեբախտաբար, մեր երիտասարդները, որոնք հողատարածքին վրայ կը գտնուէին, կրցան դիմադրել եւ դուրս հանել յարձակողները: Դժբախտաբար, մեր կողմէ երկու հայ երիտասարդներ ձերբակալուեցան», «Ազատութեան» փոխանցեց Երուսաղէմի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Յակոբ Ջրնազեան:
«Իրենք կը փորձէին ուժով լուծել հարցը, մենք կ՛ըսէինք` եթէ դուք իրաւունք ունիք, գացէք, ձեր դատարանէն թուղթ բերէք, որ իրաւունք ունիք», ըսաւ համայնքի այլ ներկայացուցիչ մը՝ Կարօ Նալպանտեան:
Երուսաղէմի քաղաքային իշխանութիւնները միջադէպը ծեծկռտուք որակեցին: Փոխքաղաքապետ Ֆլեր Հասան Նահում «Ճերուզալէմ Փոսթ»ին ըսաւ, թէ «արաբ իսլամ տղամարդիկ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները վէճի բռնուած են, կան ձերբակալուողներ` երկու կողմէն ալ»:
«Երուսաղէմ քաղաքը չի հանդուրժեր այսպիսի յանցաւոր գործողութիւններ, ոստիկանութիւնը պատասխանատուութեան պիտի ենթարկէ մեղաւորները», ըսաւ փոխքաղաքապետը:
Այս տարածքը, որ յայտնի է «Կովերու պարտէզ» անունով, ամիսներէ ի վեր բախումներու թատերաբեմ է. կիրքերը բորբոքեցան նախորդ գարնան, երբ պարզուեցաւ, որ հայոց պատրիարքարանը 100 տարիով եւ վիճայարոյց պայմաններու մէջ իսրայէլական ընկերութեան վարձակալութեան յանձնած է ոչ միայն «Կովերու պարտէզ» տարածքը, այլ նաեւ թաղամասին մէջ գտնուող 5 տուներ եւ պատրիարքարանին պատկանող քանի մը շէնքեր:
Համայնքը դէմ է այս գործարքին՝ պնդելով, որ անիկա ստորագրուած է իրենց կռնակէն: Տեղւոյն հայերը շաբաթներով հերթապահութիւն կատարեցին կառուցապատողներուն մուտքը արգիլելու համար: Xana Gardens-ի ներկայացուցիչները, սակայն, չեն յանձնուիր։
Նախապէս նման դէպքեր եղած էին, ըսաւ Ջրնազեան՝ աւելցնելով. «Մենք այս յարձակումը չենք կապեր տեղւոյն քաղաքական ու պատերազմական կացութեան հետ, այլ մեր պայքարի եւ պատիրարքութեան դատական գործին հետ, այսինքն` ընկերութեան պատասխանն է համայնքի քայլերուն` ուժ կիրարկել, բայց իրենք պիտի չկարենան յաջողութեան հասնիլ այս պայքարին մէջ»:
Վարձակալութեան մասին եղած ստորագրութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ չկան. յայտնի է միայն, որ պատրիարքարանը դատարան դիմեց` համաձայնագիրը չեղարկելու համար: