Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, թէ Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցի Հայաստանի զինեալ ուժերուն՝ տասնապետական (սերժանթ) դասի կատարելագործման, քաղաքականութեան ձեւաւորման եւ նախնական մշակման աշխատանքներու կազմակերպման:
«Վերջերս Հայաստան էր Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական հրամանատարութեան գլխաւոր աւագ տասնապետ Ռապըրթ Ապըրնեթին՝ աջակցելու Հայաստանի զինեալ ուժերու տասնապետական դասի կատարելագործման, քաղաքականութեան ձեւաւորման եւ նախնական մշակման աշխատանքներուն», կը նշուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ: