ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ ԵՂԲՕՐՍ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Կեանքի մէջ ամէնէն դժուար բանը, երկուորեակ եղբայր կամ քոյր մը կորսնցնելն է եղեր: Ընտանիքի անդամի մը կորուստը արդէն անտանելի ցաւ է, աւելի եւս` երկուորեակդ…
Արդարեւ, այնքան կարճ ժամանակուան մէջ երկու սիրելիներու կորուստը կամ մահը անտանելի, չըսելու համար ահարկու ցաւ պիտի դառնար գերզգայուն որեւէ էակի պարագային: Խօսքս անշուշտ երկուորեակ եղբօրս Փիէռի մասին է, որմէ կէս ժամ առաջ ծնած ըլլալու բախտաւորութիւնը ունեցած եմ, ինչպէս նաեւ կրտսեր գրչեղբօրս՝ Երուանդին անսպասելի կորուստին կը վերաբերի: Փիէռն ալ, Երուանդին նման, շաբաթներով տառապեցաւ հիւանդանոցի մը խուլ անկիւնը: Եղբօրս պարագային, քանի մը տարի խեղճ տղան, ոտքի յօդացաւէն տառապեցաւ. ինք որ ամբողջ կեանքը՝ եղնիկի աշխուժութեամբ կը շարժէր:
Մօտ երկու ամիս առաջ, Ռիչմոնտ, մեր նոր բնակավայրը, լուր հասաւ, որ «Քովիտ»է վարակուած էր եղբայրս ու հիւանդանոց փոխադրուած: Քիչ ետք, հազիւ «Քովիտ»ը թօթափած, կաթուած անցուց ու խօսելու, արտայայտուելու կարողութիւնը կորսնցուց․ ինք որ ամբողջ կեանք մը, որպէս փորձառու պաս, եկեղեցիի երգչախումբին փնտռուած մէկ անդամը եղած էր…
«Էհ աղբարի՜կ, թէ հիմա ալ երգէ, հայկական Ս. պատարագի սքանչելի շարականներդ…»:
Ափսոս, շատ ափսոս: Մեր իմաստուն նախնիները զուր տեղ չէին ըսած, թէ «այս կեանքի մէջ, ամէն ինչ սկիզբ ու վերջ ունի…»
Եղբայրս, երգելու կողքին գրելու տաղանդով ալ օժտուած էր․ իմ գրութիւններս, Երուանդին եւ իրեն կը ղրկէի, իրենց կարծիքը առնելու: Ան Սուրբ խորանի առջեւ երգելը նախընտրեց, գրողի ապերախտ կոչումէն, սակայն ամբողջ կեանքը անկուշտ ընթերցող մը մնաց: Ողբացեալ եղբայրս ու ես, կէս ժամ տարբերութեամբ, աշխարհ եկած ենք 24 Մայիս 1936ին, ֆրանսական հոգատարութեան տակ գտնուող Ալեքսանտրէթ քաղաքը, ուր 35 տարու երաժշտագէտ հայրս կը ղեկավարէր քաղաքապետարանի նուագախումբը, լուսանկարչութեամբ պարապելու կողքին: Բարեկեցիկ էր մեր երիտասարդ ընտանիքը, այնքան մը որ, դեղագործի դուստր՝ մայրս, Ֆրանսայէն կ՛ապսպրէր իր հագուստները:
Սակայն այդ նոյն Ֆրանսային կողմէն Սանճախի պարպումն ու Թուրքիոյ յանձնումը, որոնց լայնօրէն անդրադարձած եմ «Merci beaucoup Ասպետական Ֆրանսա» եւ «Mission to Marash, Ազգատոհմիս Գողգոթան» հատորներուս, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին ուղղած բաց նամակիս մէջ, ճակատագրական եղաւ տեղացի հայութեան համար: Գործարար, բարեկեցիկ հայերը Թարթուսի մէջ գաղթական դարձուց եւ ապա Պէյրութ, վրաններու տակ շպրտեց զանոնք «Ասպետակա՜ն Ֆրանսան…»
Լիբանան հաստատուելով, մեր եօթը տարեկան հասակին, Գթութեան Քոյրերու ֆրանսական վարժարանը յաճախեցինք, ամառներն ալ հայ վարպետներու մօտ աշկերտութիւն ըրինք, նախ փողոցէն հեռու մնալու, ապա՝ պաղպաղակի համար գրպանի ծախս մը վաստկելու համար…
Իսկ երբ տասը տարիքը թեւակոխեցինք, եղբօրս հետ ըմբոստացանք օտար վարժարանին դէմ ու փախուստ տուինք դասընթացքներէն, «Էգոլ պուիսսոնիէր» կարգավիճակը որդեգրելով ու շաբաթներով, բնութեան գիրկը պահուըտելով: Քիչ ետք մեր ծնողները, հաշտուելով կացութեան հետ, մեզի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանը դրին, ուր մեր մեծ եղբայրը կը յաճախէր ու իր դասարանին առաջնակարգ աշակերտը դարձած էր:
Սկիզբէն, երկու եղբայր ըմբոստներ եղած ենք: Յաճախ, մեր ծննդեան հետ կապուած հետաքրքիր դէպք մը կը վերյիշէր մայրս: Մեր գերդաստանի մօտ հինէն ի վեր սովորութիւն էր՝ նորածինը գինիով լուալ, մօրը արգանդէն հազիս լոյս աշխարհ ելած: Արդարեւ, տեսակ տեսակ հիւանդութիւններու կանխարգելիչ ազդու միջոց մը նկատուած էր այս մէկը: Տան ալաուի ծառան, հօրս աշխատանոցը կը վազէ ծննդեանս բարի լուրը աւետելու: Հայրս ալ նպարավաճառէն շիշ մը կարմիր գինի գնելով տուն կ՛աճապարէ: Մեծ մայրս, դռան առաջ տագնապահար կանգնած, հօրս կ՛աւետէ երկրորդ մանչին ծնունդը ու երկրորդ շիշ մը գինի կը խնդրէ: Խեղճ հայրս յուզումը յաղթահարելով, ետ նպարատուն կ՛ուղղուի, իր մօրը խնդրած երկրորդ շիշը բերելու: «Ձեզի երբեք պիտի չներեմ, զի՛ս երկրորդ անգամ նպարատուն ղրկելնիդ…», կը կրկնէր մայէսթրօ հայրս, ամէն ուրախ առիթով:

Գալով 35 տարու հայրը երկրորդ անգամ նպարատուն ուղարկող մեր հերոսին՝ «Աղբարի՜կ, տօնական այս սուրբ օրերուն, ահագնող այս ցաւը, այս խորունկ վիշտը, ինչո՜ւ ազգ ու բարեկամին, հանուրին վրայ փռեցիր ու երգչախումբի անդամները, հայ կաթողիկէ կղերը, մասնաւորապէս ընտանիքիդ անդամները, արդէն պատանի դարձած թոռներդ խոր ցաւով պարուրեցիր: Չկայ անձ մը․ որ քեզ ճանչնար ու չսիրեր քու մարդամօտ, միշտ ժպտուն էութիւնդ, զոր հետդ գերեզման ու յաւիտենականութիւն կը տանիս: Սակայն եւ այնպէս անկորնչելի յիշատակդ, մեծով պզտիկով, բոլորիս մտքին մէջ կանգուն պիտի մնայ։ Մահուանդ գոյժը ստանալով, հայ եկեղեցւոյ սքանչելի հովիւ՝ տէր Սամուէլէն սկսած Ռիչմոնտի մեր բոլոր հարազատներն ու հայկական գաղութի անդամները սուգի մատնուեցան։ Վշտալի եւ ահաւոր է կորուստդ եղբայր սիրելի»:
Շարունակելով սկսած պատումս, մեր չորրորդ լեզուն հանդիսացաւ հայերէնը, զոր սորվիլ սկսանք ու լափեցինք ամէն երեկոյ հօրս բերած «Ազդակ» օրաթերթը: Հայերէնը մեր մեծագոյն սէրը, պաշտամունքի առարկան դարձաւ: Տիրող տնտեսական անցուկ պայմաններու բերումով, առանց երկրորդական ուսման, լքեցինք դպրոցը ու ստիպուած կեանքի ասպարէզ նետուեցանք: Ինքը՝ Փիէռը, առեւտրական ընկերութեան մը մօտ գործ գտաւ, ես ալ իմ կարգիս, նկարագրիս բերումով, մեքենագէտի սիրած ասպարէզս նախընտրեցի, ինչ որ խթան հանդիսացաւ Ափրիկէ մեկնումիս ու հետագային ալ եղբայրս հոն կանչելու արարքին…
Քանի մը տարիէն, մեր չարքաշ աշխատանքով, գործատէր դարձանք, քառասունէ աւելի բնիկ մասնագէտներ պատրաստելով ու երկրին ղեկավարութեան հետ մօտէն գործակցելով, փրոֆ. Շաւարշ Թորիկեանը Սիէրա Լիոնէ հրաւիրեցինք, Հայ Դատը ծանօթացնելու ափրիկեցի քաղաքական մարդոց ու մտաւորականութեան: Եւ այդ ուղղութեամբ, ինծի բախտը վիճակուեցաւ Կինէի նախագահ Սէգու Թուրէի նախաճաշի հիւրը դառնալու եւ Թորիկեանին Հայ Դատին նուիրուած ֆրանսերէն հատորը նուիրելու, հայասէր ափրիկեցի ղեկավարին: Միեւնոյն ատեն, դրացի երկիրներուն վաճառեցինք մեր հնարած աղբահաւաքման սարքերը, միջազգային մամուլին մէջ բաւական լուրջ արձագանգի արժանանալով:
Տեսէ՛ք որ միայն դրամ վաստկիլը չէ եղած Քիւփէլեան հայրենապաշտ եղբայրներու կեանքի նպատակը: Ա՛յլ, Հայ Դատը ծանօթացնել եւ տարածել արեւմտեան Ափրիկէի ամբողջ տարածքին: Այս առիթով կ՛ուզեմ տխուր դէպքի մը անդրադառնալ, որ քիչ մնաց երկուորեակ եղբօրս գարուն կեանքը խլէր: Հազիւ 18 տարիքը թեւակոխած, Էշրէֆիէյի «Ազատամարտ» ակումբը, երկարատեւ պատրաստութենէ ետք, ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը ընդունուեցայ: Ինծի պարտականութիւն տրուեցաւ, Խալիլ Պատաուիի հայկական գաղութի մէջ Հայ Դատի քարոզչութեամբ զբաղիլ, գործունէութիւն մը որ դիւր չեկաւ հակառակորդ կուսակցութեան անդամներուն:
Ու երբ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ, թաղեցի հերոսիկները, եղբայրս հետս շփոթելով, պատը կը շարեն գնդակահարելու: Հրաշքով մը, մեր մանկութեան ընկերը, յայտնի ֆութպոլիստ Մարտիկը, տեղ կը հասնի եւ ստոյգ մահէն կը փրկէ ուշաթափուած եղբայրս:
Այս տխուր ու սրտաճմլիկ դէպքին յաջորդեց ծիծաղելի ուրիշ պատահար մը: Եղբայրս Խալիլ Պատաուի փողոցին վրայ նոր վարսայարդար մը կը յայտնաբերեց: Անոր խորհուրդին հետեւելով, քանի մը օր ետք, ես ալ գացի բախտս փորձելու: Վարսավիրանոցի մուտքին, սափրիչ աղային խէթ նայուածքին արժանացայ, ինչ որ բնաւ սափրիչավարի չգտայ: Անիկա շարունակեց իր հաւատաքննիչի նայուածքը երեսիս քսել հայելիին ընդմէջէն: Ապա սափրած թաւամազ արուն թողնելով, ածելին օդին մէջ ճօճելով ինծի դառնալով ըսաւ․ «Ըսթէզ, պարոն, եթէ մազիդ կտրուածքը չհաւնեցար, ատիկա քու իրաւունքդ է… բայց նախ ինծի բացատրէ, թէ քանի մը օրուան ընթացքին, ինչպէ՜ս մազդ այդքան երկարեցաւ …»
Եղբայրս անոր չէր յայտնած երկուորեակ ըլլալը: Այդ դէպքը ինծի յիշեցուց մեր դպրոցական օրերէն երրորդ դասարանի ուսուցիչ Կարապետ աղային նոյնքան զուարճալի պատմութիւնը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի երկրորդ յարկէն երբ զբօսանքի կ՛իջնէինք, եղբայրս դասընկերոջ մը հետ վէճի բռնուելով ապտակ մը իջեցուց անոր երեսին, բան մը որ Կարապետ աղային ուշադրութենէն չվրիպեցաւ: «Քիւփէլեան , զբօսանքի ատեն ծո՜ւնկի», եղաւ անոր րոպէական վճիռը: Հազիւ բնական պէտքէ ազատուած, երբ բակը երթեւեկող ուսուցչական կազմը կռնակը դարձուցած էր, ծնրադիր եղբօրս քովը մօտեցայ ու խեղճ տղուն տեղը ծունկի կեցայ: Քանի մը օր վերջ յանցաւոր զգացումով գացի պարոն Կարապետին խոստովանեցայ մեղքս: Անիկա զուարճացած․ «Յաջորդ անգամին, տարբեր պատիժ մը կը տնօրինեմ», ըսաւ: Ասոնց նման բազմաթիւ դէպքեր պատահեցան մեր կեանքի ընթացքին: Այս մէկն ալ պատմեմ ու ամփոփեմ մահագրութիւնս:

Ափրիկէ Հրաչս երեք-չորս տարու էր, երբ Շաբաթ օր մը առաւօտուն ածելիս ծուռ գնաց ու ստիպուած մօրուքս ածիլեցի․ մօրուքս կը պահէի երկուորեակ եղբօրմէս զանազանուելու համար:
Երբ բակը ելայ, ուր տղաս շուներուն ու կապիկին հետ կը խաղար, կողմս վազեց «Փի ամմօ , Փի ամմօ» կոչելով: «Տղաս ես քու պապադ եմ ըսի, Փիէռ ամմոն չեմ», ըսի, բայց Հրաչը չհամոզուցաւ, կանգուն մնաց իր կարծիքին մէջ: Հեռաձայն ըրի եղբօրս ու բացատրեցի եղելութիւնը: Քանի մը վայրկեանէն հասաւ եղբայրս ու բակի մուտքը կայնած ձայնեց․ «Հրաչի՜կ, ամմոն եկաւ»։ Տղեկը զարմացած մէկ ինծի նայեցաւ, մէկ հօրեղբօրը: «Հիմա պապա չունիմ… երկու հատ ամմօ ունիմ…», վճռեց:
Ու երբ 30 տարիքը թեւակոխեցինք, օտարէն չխլուած, երկու տարի տարբերութեամբ Լիբանան ուղղուեցանք մեր կեանքը հայուհիներու կապելու, ես՝ Սեդա Սէմերճեանին, եղբայրս՝ Արշալոյս Խաչատուրին հետ: Քանի մը տարիէն Աստուած մեզի տաղանդաւոր զաւակներ ալ պարգեւեց: Ես՝ երկու մանչ մէկ աղջիկ, ինք՝ դուստր մը եւ մանչ մը՝ Սարինը եւ Հայկոն: Յայտնի իրաւաբան մը՝ դուստրը, դեղագործ մը մանչը:
Իսկ իմ մանչերէս Հրաչը՝ ֆիլմի մասնագէտ, Արմէնը՝ տնտեսագէտ իսկ Հուրիկը՝ հոգեբան: Ցտեսութիւն սիրելի Փիէրօ… Հողը թեթեւ գայ վրադ աղբարիկ: Դեհ հիմա ալ երգէ հանդերձեալ կեանքի մէջ, հրեշտակներուն եւ ամէն ազգի սուրբերուն դիմաց կանգնած…
Հոգեղբայրդ՝
Պօղոս Գուբելեան