Ըստ աւանդութեան՝ Ֆրանսիս պապը 8 Յունուարին, Վատիկանի մէջ ընդունեց հաւատարմագրուած դեսպաններ եւ դիւանագէտներ: Vatican News-ի մէջ կը նշուի, որ պապին աւանդական ճառին առանցքը այս անգամ խաղաղութիւնն էր: «Սիրելի՛ դեսպաններ, կայ բառ մը, որ յատուկ կերպով կ՛արձագանգէ քրիստոնէական երկու հիմնական տօներուն առիթով… Անիկա «խաղաղութիւն» բառն է», իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ սրբազան պապը:
Պապը անդրադարձաւ հակամարտող պետութիւններուն՝ անիմաստ սպանդ կոչելով պատերազմը:
Ան մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուած իրավիճակին գծով եւ անգամ մը եւս խաղաղութեան կոչ ուղղեց՝ հրատապ նկատելով նաեւ արցախահայութեան՝ օրինական եւ ապահով տուն վերադարձի հարցը: «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուած իրավիճակը մտահոգիչ է: Այդ իսկ պատճառով ես կոչ կ՛ուղղեմ կողմերուն՝ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու», ըսաւ պապը: