Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն խօսելով Պաքուէն ստացած նախագիծին մասին՝ յայտարարեց, որ Երեւան խաղաղութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան մէջ որոշ յետընթաց նկատած է, սակայն, բանակցային պատշաճութենէն մեկնելով՝ ան չմանրամասնեց, թէ Ատրպէյճանի վերջին առաջարկներուն մէջ Երեւան ի՞նչը յետընթաց կը նկատէ, ի՞նչը՝ յառաջընթաց:
«Դինամիկան (ուժաբանութիւնը) դրական ենք գնահատում, բայց հարցեր կան, որոնք բանաւոր բանակցութիւնների ընթացքում համաձայնութեան էինք եկել, բայց խաղաղութեան պայմանագրի տեքստում մենք որոշակի յետընթացներ ենք տեսել: Բայց ընդհանուր առմամբ նաեւ կան կէտեր, որտեղ առաջընթաց ենք գրանցել», նշեց Գրիգորեան:
Խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի Ատրպէյճանի նոր առաջարկները Երեւանին փոխանցուեցան Դեկտեմբերի աւարտին: Անկէ ետք ոչ միայն ատրպէյճանցի պաշտօնեաներ լաւատեսական յայտարարութիւններ կատարեցին, այլ նաեւ` հայաստանցի: Սակայն, կողմերը նախագիծը չեն գաղտնազերծեր:
Գրիգորեանի խօսքերէն նաեւ յստակ չդարձաւ, որ արդեօք խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ Հայաստանի 29 հազար 800 քառակուսի քիլոմեթր տարածքային ամբողջականութեան ամրագրման մասին կէտ պիտի ըլլա՞յ, թէ` ոչ: Ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ Ատրպէյճանի ուղարկած նախագիծին մէջ 29,800ի մասին բառ չկայ:

Ատրպէյճանի 86 հազար 600 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը ճանչցող հայաստանցի պաշտօնեաները նախորդ տարուան ընթացքին կարեւոր նկատեցին այն, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը Ատրպէյճանի հետ կնքուի, նաեւ՝ Հայաստանի 29,800 քառ. քիլոմեթր տարածքը ճանչնալու սկզբունքով:
Հակառակ անոր որ Երեւան ամիսներով կ՛ակնկալէր, որ Ատրպէյճան վերահաստատէ պրիւքսէլեան պայմանաւորուածութիւնները, բայց Գրիգորեան ճիշդ անոնց յղում կատարեց:
«29 հազար 800 քառակուսի կիլոմետրի մասով, նախ, եռակողմ պայմանաւորուածութիւն է եղել Բրիւսելում, Շարլ Միշէլի յայտարարութիւնում սա արձանագրուած է: Ալմա Աթայի հռչակագրին յղում կայ խաղաղութեան պայմանագրում: Ալմա Աթայի հռչակագիրն ի՞նչ է ասում, որ Խորհրդային միութեան անդամ պետութիւնները իրենց ադմինիստրատիւ (պետական) սահմանները ճանաչում են որպէս միջպետական սահմաններ Խորհրդային միութեան փլուզումից յետոյ, եւ մեր խնդիրն է, որպէսզի կարողանանք խաղաղութեան պայմանագրում արձանագրենք այն բոլոր սկզբունքները, որոնց հիման վրայ դելիմիտացիա (սահմանազատում) եւ դեմարկացիա (սահմանագծում) է կատարուելու Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ադրբեջանի Հանրապետութեան միջեւ ու դրանով էլ արձանագրուելու է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանն ու տարածքը», յայտնեց Գրիգորեան:
5 օրեր առաջ, արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ատրպէյճանի վերջին առաջարկներուն ծանօթացաւ նաեւ ՀՅԴի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան, որուն հետ զրոյցի մը ընթացքին «Ազատութիւն»ը հարցուց, թէ երկիրներու տարածքները քիլոմեթրերով յիշատակուա՞ծ են նախագիծին մէջ:
«Փաստաթղթի մասին որեւէ մանրամասներ չեմ կարող ներկայացնել: Դա Իշխան Սաղաթելեանի արած յայտարարութիւնն է, որը, ինչքան հասկացանք, Արմէն Գրիգորեանը չժխտեց, մեզանից որեւէ մէկը չի լսել, որ Ալիեւն ասի` ես Հայաստանի ինչ-որ մի մակերես ճանաչում եմ», պատասխանեց Խաչատրեան:
Առանց մանրամասնելու փաստաթուղթի առանձին դրոյթները՝ Խաչատրեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի վերջին առաջարկները ոչ թէ խաղաղութիւն փափաքողող պետութեան մը, այլ Հայաստանի համար նոր սպառնալիքներ ստեղծող առաջարկներ են:
Գրիգորեան, մինչդեռ Հանրայինի եթերէն պնդեց, որ Երեւան իր առաջարկներով կը ստեղծէ ապահովութեան երաշխիքներ:
Ան բացառեց միջանցք տրամադրելու տարբերակը: Ան յղում կատարեց Ատրպէյճանի բանաւոր վստահեցումներուն, թէ կ՛ընդունին ինքնիշխանութեան հիման վրայ ապաշրջափակման սկզբունքը:
«Դրանով է ապաշրջափակումը կատարուելու: Մենք առաջարկում ենք դելիմիտացիայի գործընթացից բացի, քանի որ մենք գնում ենք դէպի խաղաղութեան, զօրքերի հայելային յետքաշում տեղի ունենայ` հիմք ընդունելով 74-78 թուականների Խորհրդային միութեան Գլխաւոր շտաբի քարտէզները, եւ սրա հիման վրայ, եթէ մենք նաեւ կարողանում ենք համաձայնեցնել, որպէսզի զօրքերը յետ քաշուեն, դրանք խաղաղութեան երաշխիքներ են», ըսաւ Գրիգորեան:
«Յետքաշման պահանջը Ադրբեջանը ժխտել է, ստորագրում են իրենք խաղաղութեան պայմանագիր` սահմանների հարցը բաց թողնելով, ական են դնո՞ւմ երկրի տակ: Նմանապէս հաղորդակցութեան խնդիրները: Ինչքան էլ այս իշխանութիւնները յայտարարեն ինքնիշխանութեան մասին այդ ճանապարհի վրայ, վերջերս Շարլ Միշէլը յայտարարեց, որ ռեժիմի (վարչակարգի) շուրջ կայ վէճ եւ Փաշինեանը հող է նախապատրաստում ընկրկելու համար, ասում է` ինքնիշխանութիւն կը լինի, բայց ռեժիմը կը լինի աւելի մեղմ, իսկ որտեղո՞վ է անցնում մեղմ ռեժիմի ու ինքնիշխանութեան կորստի միջեւ սահմանը», ընդգծեց Խաչատրեան:
Պաքուի առաջարկներուն Երեւան այս անգամ բաւական արագ պատասխանեց` յստանալու մասին պաշտօնական յայտարարութենէն շուրջ 10 օրեր ետք: Հայկական կողմը, ըստ Գրիգորեանի, 4 Յունուարին իր տարբերակը ուղարկած է:
Երեւան չարձագանգեց սահմանին արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը իրականացնելու Պաքուի առաջարկին, փոխարէնը Գրիգորեան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները դարձեալ կը փորձէ Ուաշինկթընի մէջ եռակողմ հանդիպում մը կազմակերպել: Նախորդ տարեվերջին Պաքու հրաժարեցաւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպումէն` Ուաշինկթընը մեղադրելով կողմնակալութեան մէջ:
Երեւան դարձեալ վերահաստատեց անոնց մասնակցելու՝ իր պատրաստակամութիւնը, սակայն Պաքուի կեցուածքը տակաւին յստակ չէ։ Ներկայիս միայն յստակ է, որ Յունուարի աւարտին սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպում մը իրականացնելու համաձայնութիւն մը կայ: