Բրիտանական հեղինակաւոր The Economist-ը 2024ի կանխատեսումներու ծիրին մէջ յատուկ տեղ յատկացուց Հարաւային Կովկասին։ Թերթը կը նշէ, թէ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը չէ դադրած եւ այս համայնապատկերին վրայ, փոփոխութիւններ կը նախատեսուին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ըստ այդ վերլուծութեան՝ Արցախի կարճատեւ պատերազմը եւ անկումը դրուագներէն մէկն էր տարածաշրջանային մեծ տեղաշարժին։ Դէպքերը ցոյց կու տան, որ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխուած է, ինչ որ պիտի շարունակուի նաեւ 2024ին։
Ըստ The Economist-ի բանաձեւումին՝ 2020ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին արտօնեց, որ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ետ վերցնեն Արցախի շուրջ տարածքները, նոյն ատեն, Մոսկուա իր խաղաղապահ զօրքը տեղակայեց Արցախի մէջ, իբրեւ թէ հայերը պաշտպանելու համար, բայց իրականութեան մէջ՝ անիկա շրջանին մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը պահպանելու համար էր։ Բայց, երբ հասաւ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմելու ժամանակը, Փութին նախընտրեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները՝ քան աղքատ, ժողովրդավարական Հայաստանին հետ եւ արտօնեց Ատրպէյճանին, որ Արցախէն հեռացնէ հայերը, որոնք իրենց յոյս դրած էին ռուսական պաշտպանութեան վրայ։
Ըստ թերթին՝ բացի Արցախի հայերուն դաւաճանելէ, Ռուսիա յոյս ունի նաեւ շահարկելու անոնց գաղթը՝ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն հրահրելու համար։ Փութին տեղւոյն վրայ ազդեցութիւնը պահպանելու համար կը յուսայ նաեւ վերահսկել այն միջանցքը, որ Հայաստանի տարածքով Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը իրարու պիտի կապէ։
Ներկայիս Ատրպէյճան եւ Թուրքիա բոլոր խաղաքարտերը իրենց ձեռքը վերցուցած են եւ չեն պատրաստուիր Ռուսիոյ անտեղի զիջումներ ընելու։ Միւս կողմէ, Անգարա եւ Պաքու չեն փափաքիր նաեւ Արեւմուտքի կողմը անցնիլ, այլ՝ կը ձգտին ուժի իրենց սեփական յենակէտը ստեղծել Կովկասի մէջ։
«Ուքրանիոյ դէմ ռուսական պատերազմին հետեւանքներէն մէկը միջին ուժ ներկայացնող պետութիւններու վերելքն է, իսկ միւսը՝ նախկին Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ Քրեմլինի ազդեցութեան տկարացումը», կը մատնանշուի The Economist-ի վերլուծութեան մէջ, ուր մասնաւոր ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի նաեւ Չինաստան-Իրան-Ռուսիա եռեակին միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման վրայ, որ անհանգստացուցիչ կը նկատուի։
Թերթը կ՛եզրակացնէ, որ ապագային այս տարիները պատմաբաններու կողմէ կրնան համարուիլ՝ իբրեւ նոր աշխարհակարգի հաստատման ժամանակաշրջան։