Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան 18 Յունուարին ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Վասիլիս Մարակոս:
Զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային զարգացումները:
Գրիգորեան ներկայացուց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որուն միջոցաւ յստակօրէն կը նկարագրուին տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի եւ այլ ենթակառուցուածքային կապերու ապաշրջափակման հեռանկարը, կառուցուածքը, տրամաբանութիւնը եւ հիմնական սկզբունքները: Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ սահմանազատման (Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի) գործընթացին սկզբունքներուն եւ իրաւական հիմքերուն վերաբերող հարցեր: