Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռեքս Քալամեան այս շաբաթ նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու արհեստավարժ պասքեթպոլի մրցաշարքին՝ «Էն.Պի.Էն.»ին մաս կազմող Միլուաքիի «Պաքս» խումբին օգնական մարզիչ, նոյն ժամանակ խոստանալով շարունակել մարզել Հայաստանի հաւաքականը։
Գրեթէ 30 տարիներու փորձառութիւն ունեցող Քալամեան 2022-2023 տարեշրջանին օգնական մարզիչներէն մէկն էր «Էն.Պի.Էն.»ին մաս կազմող Տիթրոյիթի «Փիսթընզ» խումբին եւ անցեալին 9 տարիներ եղած նաեւ Լոս Անճելըսի «Քլիփըրզ» խումբի օգնական մարզիչը, շարք մը այլ արհեստավարժ խումբերու մէջ ստանձնած պաշտօններուն կողքին։
Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր 2022ի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, կազմակերպութեան «Ժողովուրդի Ախոյեան» մրցանակը շնորհեց Քալամեանին, որ Հայաստանի հաւաքականին հետ շահեցաւ Եւրոպայի փոքր երկիրներու մրցաշարքի ոսկի մետալը։