
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին կազմակերպած Ազգային վարժարաններու եւ մանկամսուրներու կրթական խորհուրդներու հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2024ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Շամլեան Ազգային վարժարանին մէջ:
Ներկայ էին ազգային վարժարաններու եւ մանկամսուրներու տնօրէնները եւ վարիչները, վարժարաններու կրթական խորհուրդներու անդամները, Ազգային վարչութեան ատենադպիր եւ Խնամակալ մարﬕնին մօտ Ազգային առաջնորդարանի եւ վարչութեան ներկայացուցիչ Ճորճ Չորպաճեան:
Ներկաները հաւաքուեցան ժամը 6ին, իսկ պաշտօնական օրակարգը սկսաւ, ինչպէս ծրագրուած էր, ժամը ճիշդ 6:45ին:
Օրուան հանդիսավարն էր Խնամակալ մարﬕնի գանձապահ Արմէն Աբրահաﬔան, որ ձեռնհասօրէն, բծախնդրութեամբ եւ մասնագիտական մօտեցումով վարեց օրակարգը: Ան բոլոր ներկաները հրաւիրեց իրենց տեղերը գրաւելու, որպէսզի իմաստութեան աղօթքով Խնամակալ մարմինի անդամ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան օրուան հանդիսաւոր բացումը կատարէ: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան, որպէսզի բարի գալուստ մաղթէ ներկաներուն: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն՝ իրենց ծառայութեան համար: Ապա ան յիշեցուց, թէ ազգային վարժարանները անխափան կերպով կը գործեն Ազգային առաջնորդարանին հովանիին տակ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեﬕ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի խնամքը եւ աջակցութիւնը կը վայելեն: Ուրֆալեան շեշտեց կարեւորութիւնը ժողովին, որուն ընթացքին, թէ՛ կամերը անձամբ իրարու ծանօթանալու, զիրար տեսնելու եւ աշխատանքային փորձառութիւններ կիսելու առիթը կ՛ունենան, նոյն ատեն կազﬔրուն միացած նորեկ անդամները կրնան տեղեկանալ կրթական կազմերուն աշխատանքին, վարժարաններուն եւ Խնամակալ մարﬕնին կանոնագրութեան եւ գործունէութեան մասին: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Խնամակալ մարմինին հետագայ աշխատանքներուն եւ օրուան ընթացքին մասին:



Օրակարգը բաժնուած էր եօթը ենթաբաժանումներու.
1- Կանոնագրային կէտեր. Սարգիս Ուրֆալեան ներկայացուց այս բաժինը, որուն ընթացքին հակիրճ կերպով ան շեշտեց կանոնագրութեամբ սահմանուած իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու ցանկը թէ՛ կազﬔրուն եւ թէ տնօրէններուն եւ վարիչներուն վերաբերեալ:
2- Ծրագրաւորման աշխատանքներ եւ օժանդակ կազմեր. այս բաժինը ներկայացուց Արմէն Աբրահաﬔան: Հոս ընդգրկուած էր Խնամակալ մարմինին աշխատանքային ընթացքը, որ ծրագրուած էր Մայիս 2023ին՝ իբրեւ հինգ տարուան ծրագիր եւ աշխատանքային ընթացք ու անկէ բխած բոլոր աշխատանքները եւ գոյանալիք ենթակառոյցները, որոնք պէտք է զբաղուին այդ աշխատանքներով:
3- Հոգեբանական խորհրդատուութիւն եւ առողջ աշխատանքային ﬕջավայր. այս նիւթը ներկայացուց Խնամակալ մարմինի ատենադպիր եւ երկար տարիներու վարժարաններու հոգեբան եւ խորհրդատու Շաքէ Աւագեան: Ան շեշտեց աշխատանքային ﬕջավայրի հոգեբանական ապահովութեան մասին, ինչպէս նաեւ աշխատանքային առողջ միջավայր ստեղծելու եւ խաղաղ պայմաններ հայթայթելու տնօրէնութիւններուն եւ կազﬔրուն պարտաւորութեան մասին:
4- Զարմանազան Քալիֆորնիա 2024. այս բաժինը ներկայացուց Խնամակալ մարﬕնի հայկական ծրագիրներու վարիչ տնօրէն Թամար Թիւֆէնկճեան: Խնամակալ մարﬕնը Քալիֆորնիայի մէջ կազմակերպած է Արեւմտահայերէնի ճամբարը՝ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հետ գործակցաբար: Ճամբարը տեղի պիտի ունենայ 7էն 27 Յունիս 2024ին, «Քեմբ Արեւ»ին մէջ: Ճամբարը բաց է Սփիւռքի 10էն 17 տարեկան պատանիներուն, եւ հոն մանկավարժական ու նորարարական մեթոտներով հայերէնը գործածելու եւ կատարելագործելու առիթ պիտի ստեղծուի՝ շնորհիւ մասնագէտ մանկավարժներու, լեզուաբաններու եւ արուեստագէտներու:



5- Տեղեկատուական համակարգ, այս բաժինը եւս ներկայացուց Թամար Թիւֆէնկճեան: Խնամակալ մարﬕնը արդէն ունի կեդրոնացեալ տեղեկութիւններու շտեմարանային ծրագիր մը, ուր հաւաքուած են մեր բոլոր վարժարաններուն եւ մանկամսուրներուն աշակերտութեան, պաշտօնէութեան, ծնողներուն եւ շրջանաւարտներուն տեղեկութիւնները. անոնք մէկտեղուած են եւ անոնց վիճակագրական տուեալները իրենց բարենպաստ արդիւնքները կ՛ունենան կազﬔրուն առնելիք որոշումներուն վրայ:
6- Քննաչափութիւն. այս բաժինը ներկայացուց Խնամակալ մարﬕնի գործավար Խաժակ Ժամկոչեան: Խնամակալ մարմինը ազգային վարժարաններու ծնողներուն, ուսուցիչներուն, պաշտօնէութիւններուն եւ բարձրագոյն կարգերու ուսանողներուն համար պատրաստած էր քննաչափութիւն մը, որուն արդիւնքներուն մասին ընդհանուր կերպով ներկայացուեցաւ ներկաներուն եւ այդպիսով համապարփակ պատկեր մը փոխանցուեցաւ ﬔր վարժարաններուն եւ մանկամսուրներուն իրավիճակին մասին:
7- Ազգային վարժարաններու ուսուցիչներու ներգրաւում. այս բաժինը ներկայացուց Խնամակալ մարﬕնի անդամ Փաթիլ Աբոշեան: Ան մատնանշեց ուսուցչական եւ կրթական ոլորտի քանի մը կարեւոր եւ մարտահրաւէրային հանգամանքներ, որոնք երկիրին ընդհանուր դժուարութիւնները կը համարուին: Աբոշեան բացատրեց, թէ ինչպէս կարելի է նորեկ ուսուցիչներու վարժարան կամ մանկամսուր մուտքը եւ նախնական շրջանի ծանր ընթացքը հեզասահ դարձնել կարգ մը պարզ ցուցմունքներով, որպէսզի անոնք շուտով հասկնան ազգային կառոյցին մշակոյթը եւ առաքելութիւնը ու դիւրութեամբ ﬔրուին անոնց մէջ:
Աւարտին օրուան հանդիսավարը առիթ տուաւ ներկաներուն հարցումներ եւ առաջարկներ ներկայացնելու: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Շամլեան Ազգային վարժարանին, իր ջերմ հիւրընկալութեան համար: Ան յաջողութիւն մաղթեց բոլոր ներկաներուն՝ իրենց առաքելութեան եւ ծառայութեան ճամբուն վրայ:
Հանդիպումը աւարտեցաւ ժամը ճիշդ 9ին այնպէս, ինչպէս որոշուած էր:
(Թղթակցութիւնը՝ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինէն)
