Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մարքեթա Փեքարովա Ատամովա Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ, իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ այն հարցին, թէ իր երկիրը ինչպէ՛ս կրնայ նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան: Ըստ անոր՝ Չեխիոյ նպատակն է՝ հասնիլ այնպիսի արդիւնքի մը, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ եւ բարգաւաճող երկիրներ ապրին:
«Մենք միանգամայն կ՛աջակցինք երկիրներու ինքնիշխանութեան, բայց նոյն ատեն լաւագոյն շրջանակը պիտի ըլլայ աջակցիլ երկիրներուն միջազգային մակարդակի վրայ՝ ծիրին մէջ ՄԱԿի կամ այլ մարմիններու, որոնք կազմուած են այս նպատակով: Մենք կը շարունակենք աջակցիլ գաղթականներուն. հարիւր հազարաւոր անձեր ստիպուած եղան հեռանալու իրենց տուներէն: Այս այցելութենէն ետք պիտի երթամ Պաքու: Մենք պիտի արտայայտենք մեր աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին», ըսաւ Ատամովա:
Ան նաեւ կարեւոր նկատեց մշակումը այնպիսի գործիքակազմերու, որոնք Ատրպէյճանը պիտի վերադարձնեն բանակցային սեղան։ «Երբեք պէտք չէ յանձնուինք եւ պէտք է դրդենք զանոնք այս խօսակցութիւններուն: Ասիկա շատ կարեւոր է: Իմ` Պաքու այցելութեան ընթացքին ես անպայման այս հարցերը պիտի բարձրացնեմ, թէ ինչո՛ւ չեն ուզեր գտնել լուծումներ, որոնք կը յարգուին նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն կողմէ: Մենք, անշուշտ, պիտի օգտագործենք մեր բոլոր կարելիութիւնները, որպէսզի Ատրպէյճանի բոլոր ներկայացուցիչներուն վրայ բանեցնենք այնպիսի ճնշում, որ շարունակեն մասնակցիլ բանակցութիւններուն», յայտնեց Ատամովա, որուն յայտարարութիւններուն շուտով արձագանգեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, որ ըսաւ. «Աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ Չեխիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան խօսնակը զերծ մնար հայկական կեղծ խօսոյթներու վրայ հիմնուած հարցերու մեկնաբանութենէն»։
Ըստ անոր՝ Ատամովա պէտք է Հայաստանին հարցնէր, թէ «Հայաստան իր Սահմանադրութենէն եւ օրէնսդրական արձանագրութիւններէն ե՞րբ պիտի հեռացնէ դրացիներուն ուղղուած տարածքային պահանջները»: