Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան 21 Յունուարին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մեկնաբանեց Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕի յատուկ ներկայացուցիչ Խավիէր Քոլոմինայի յայտարարութիւնը այն մասին, որ ՆԱԹՕի մէջ շատ ոգեւորուած են արտաքին պաշտպանական քաղաքականութեան հարցին մէջ Հայաստանի` դէպի հիւսիսատլանտեան դաշինք ուղղուելուն համար, եւ որ ՆԱԹՕն աւելի շատ մտերմութիւն կը փափաքի ունենալ (Հայաստանի հետ-Խմբ.):
«Կը կարծեմ, որ եթէ մէկը մտերմութիւն կը փափաքի ունենալ, պէտք է հասկնալ, թէ որքանով ապահով է այդ եւ ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Մենք արդէն տեսած ենք, որ ՆԱԹՕի հետ մտերմութիւնը ի՛նչ հետեւանքներ կ՛ունենայ բազմաթիւ երկիրներու համար` ներգրաւում հակամարտութիւններու մէջ, ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան կորուստ… եւ ամէնէն կարեւորը` ազգային շահերուն հետեւելու կարելիութեան կորուստ: Սակայն այս պարագային պէտք է վերլուծել, թէ որո՛նք են Հայաստանի ազգային շահերը, պէտք է բանալ քարտէսը եւ տեսնել, թէ ո՛ր տարածաշրջանին մէջ կը գտնուի այդ երկիրը, որո՛նք են դրացիները, պէտք է պատմութեան դասագիրքեր կարդալ անոնց, որոնք թեր կ՛արտայայտուին օգտին այն մտերմութեան, որ յարաբերութիւններու խզում կամ առնուազն վատթարացում կ՛ենթադրէ տարածաշրջաններու երկիրներուն եւ դրացիներուն հետ», ըսաւ Զախարովա՝ աւելցնելով. «Այս բոլորը պէտք է վերլուծել եւ հասկնալ, թէ ի՛նչը կը բխի Հայաստանի ազգային շահերէն, ի՛նչը կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարներուն օգուտ կը բերէ ու այս բոլորէն մեկնելով գործել եւ ոչ թէ՝ կիսատ-պռատ խօսքերէն, խոստումներէն»։
Ըստ Զախարովայի՝ «Արեւմուտքը բոլորին ամէն ինչ կը խոստանայ, սակայն խոստումները չի յարգեր»։
Մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը այն մասին, որ Երեւա Պաքուին առաջարկեց յարձակում չկատարելու համաձայնագիր ստորագրել՝ Զախարովա ըսաւ, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման լաւագոյն երաշխիքը Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ 2020էն 2022 ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու ծրարըը կարելի եղածին չափ արագ կեանքի կոչելն է:
«Եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման` այլընտրանք չունեցող ճանապարհային քարտէս են, որ կը ներառէ նաեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակումը», եզրակացուց Զախարովա։