
Երկուշաբթի, 29 Յունուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի՝ երկօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ազգային եւ համայնքային պատասխանատուներու հետ:
Երեքշաբթի առաւօտեան, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ընկերակցութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սմբատ վրդ. Սապունճեանի եւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի՝ այցելեց տեղւոյն Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանի, Ազգային վարչութեան անդամ Կարպիս Պէզճեանի եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեանի կողմէ, որոնց հետ ան ունեցաւ ժողով-հանդիպում մը՝ շօշափելով վարժարանի ապագայ ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները, մասնաւորաբար շինարարական կալուածէն ներս, ապա ան հանդիպում-զրոյց ունեցաւ վարժարանի աւարտական 8րդ կարգի աշակերտներուն հետ:
Պատանիներուն հետ հանդիպումէն ետք, առաջնորդ սրբազանը արձագանգեց հետեւեալը. «Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջակայից հայութեան կեանքէն ներս մեր Ազգային վարժարանը ճառագայթող ներկայութիւն է, ինչպէս նաեւ՝ նոր սերունդը ազգային արժէքներով թրծող, այլեւ ազգային ինքնութիւն ապահովող եւ քրիստոնէական ոգի ջամբող եզակի կռուան ու մեսրոպեան կենդանի վկայարան է: Զօրակցի՛լ հայկական վարժարաններուն՝ կը նշանակէ ապահովել ցեղի՛ն շարունակականութիւնը»:


