ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Անազնիւ մարդոց դրսեւորած արարքները տեսնելով՝ առաջին մտածումը, որ հաւանաբար գրեթէ բոլոր մարդոց միտքէն կ՛անցնի այն է, որ անազնիւ մարդոց հետ պէտք է վարուիլ անազնուօրէն. այսինքն՝ հին Օրէնքի սահմանած կարգով, «ակն ընդ ական, ատամ ընդ ատաման» (Աչքի դէմ աչք եւ ակռայի դէմ ակռայ – տե՛ս Մտ 5.38):
Քաղաքակիրթ աշխարհը, որ կը թուէր, թէ տարբեր պիտի ըլլար խաւար դարերու ոխակալութեան եւ թշնամանքի իրավիճակէն եւ գիտակից հաւասարակշռութեամբ յառաջ պիտի տանէր մարդկութեան կեանքը, դժբախտաբար երազ դարձուց մարդկային բոլոր սպասումներնը եւ ձգտումները: Ներումի քաղաքականութիւնը տկարութիւն համարուեցաւ, անցեալի պատահարը մոռնալը՝ անհոգութիւն, իսկ անտարբերութիւնը՝ յիմարութիւն: Այս իրականութեան ամէնէն ցայտուն փաստերէն մէկը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ծայր առած եւ շարունակուող պատերազմներն են, որոնք ամէն օր արիւնահեղութեամբ կը կեղտոտեն զուարթ փողոցները մեր կեանքի եւ կը քանդեն աղի արցունքով ու ճակտի արդար քրտինքով կառուցուած տուները:
Անազնուութեան իբրեւ պատասխան ցուցաբերուող ազնուութիւնը՝ բացառիկ առաքինութիւն է: Միայն անբնական մարդիկ չեն կրնար գնահատել արժէքը իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած ազնուութեան, իսկ ամբարտաւանութեամբ փքացած հոգիները բնա՛ւ չեն կրնար նկատել ուրիշներուն արտայայտած ազնուութիւնը իրենց հանդէպ, որովհետեւ համապատասան զգայարանքը երկար ժամանակ անգործութեան մատնուած ըլլալով՝ սոյն զգացումն ալ վերջնականապէս չքացած կ՛ըլլայ անոնց հոգիէն:
Նախանձը, ատելութիւնը, թշնամական վերաբերումը, երբեմն ընկերային կեանքի այս կամ այն դէպքին հետ առնչութիւն ունեցող հարց մը պատճառ կը հանդիսանան, որ որոշ մարդիկ անտեղի կեցուածք ճշդեն ուրիշներու նկատմամբ: Բացայայտ կեցուածքը իր «դրական» երեսը ունի, սակայն միակողմանի թշնամանքը շատ աւելի վտանգաւոր է: Այս պարագան կը նմանի անսպասելի հարուածի մը, որ պատահական կը ստանաս փողոցը քալած ատենդ, կամ հանգստանալու պահուդ:
Հոգեբանութիւնը վերլուծած է նման պարագաներ: Գիտութիւնը իբրեւ օրինակ կը ներկայացնէ մարդիկ, որոնք առանց նոյնիսկ մօտէն ճանչնալու քեզ՝ կը թշնամանան քեզի: Այս պարագային, թշնամացող ենթական հոգեկան որոշ խանգարումներու պատճառով կ՛իյնայ այդպիսի թակարդի մը մէջ: Երեւակայական աշխարհը ժխտական մեծ դերակատարութիւն ունի ուրիշը թշնամի համարելու պարագային, անոր վայելած առաւելութիւնները, ապրած միջավայրը, ցոյց տուած հոգեկան խաղաղութիւնը եւ տակաւին շատ ուրիշ պատճառներ նկատի ունենալով: Այսպիսի անձերու առօրեային մաս կը կազմէ կասկածը, որ ամէնէն առաջ իրենց վրայ կեդրոնացած կ՛ըլլայ: Հակառակ անդուլ աշխատանքին՝ զգացուող տեղքայլը, բայց մանաւանդ այլոց մեծաքայլ յառաջդիմութիւնը պատճառ կը դառնան, որ հոգեկան ալեկոծման ենթարկուին նման մարդիկ: Դժբախտութիւն է անշուշտ, երբ տագնապահար անձերը ներքին մակարդակի վրայ չեն լուծեր իրենց հարցը, այլ զայն կը տարածեն ընկերութեան կեանքին մէջ: Այսպէս, անոնք անտեղի բաղդատականներ կը կատարեն իրենց եւ ուրիշներու միջեւ, որոնք, ըստ իրենց, աւելի լաւ դիրք ունին եւ հանգամանք: Հարցը այն է, որ այդ հանգամանաւորը լո՛ւր անգամ չ՛ունենար, եւ աւելի ուշ պատահաբա՛ր միայն կ՛իմանայ, թէ ուշադիր «հետեւող» ունի իր կեանքի իւրաքանչիւր քայլին:
Վերոյիշեալ կերպարը, որ միակողմանի թշնամանքով կը հետեւի յաջողակ անձին, փաստօրէն այս կեանքին մէջ իր տեղը չգտած մարդ է՝ ամէնօրեայ խարխափումի մէջ ինկած, որ չի՛ կրնար օրը երեկոյացնել առանց ուրիշներու առօրեային հետեւելու: Ուրեմն, այսպիսի անձերու միակ գործը ուրիշներուն կեանքին հետեւիլն է, եւ մանաւանդ հնարաւոր բոլոր միջոցներով անոր յառաջդիմութիւնը խանգարելը:
Հոգեկան սոյն տագնապահար վիճակին մատնուած անձեր չեն կրնար առանց բաղդատականի անցընել իրենց առօրեան: Մէկուն ունեցուածքը, ուրիշին գիտութիւնը, ուրիշի մը ընտանիքը եւ զաւակները, եւ այսպէս շարունակաբար: Անոնք հիւանդագին սոյն վիճակին մէջ այնքան դժբախտ են, որ առիթ չունին շունչ քաշելու եւ իրենց սովորական կեանքը վայելելու: Այս թշուառականներուն հանդէպ միայն մեր գութը կրնայ բժշկարար անուղղակի միջոց ըլլալ, գէթ ժամանակի մը համար անոնց միտքէն հեռացնելու ուրիշներով զբաղուելու մոլուցքը:
Նոյնիսկ ցուցաբերուած գութը պէտք է անուղղակի ըլլայ, այլապէս անոնք միշտ պատրաստ են յարձակելու մեր վրայ, որովհետեւ կորսնցուցած կ՛ըլլան մտային հաւասարակշռութիւնը:
Անմտութեան աստիճանին հասած եւ նոյնիսկ իրենց առօրեայ հանգիստը կորսնցուցած ու հոգեպէս տագնապահար վերոյիշեալ տեսակի մարդիկ անպայման վնասակար չեն ըլլար: Ոմանք իրենց երեւակայական աշխարհին մէջ կը փակուին. սակայն, վտանգաւոր հանգամանք կը ստանան անոնք՝ որոնք իրենց նախանձի առայկայ մարդուն նկատմամբ այնպիսի դիրք կ՛որդեգրեն, որ անոր վերջնական կործանումը միայն կը հանգստացնէ զիրենք:
Բարոյագիտութեան կատարած ուսումնասիրութիւնը եւ մարդկային դաստիարակութեան ուսանելի կանոնը խեղճութեան վերարկու կը հագցնէ այն մարդոց, որոնք առանց իրենց անյաջողութեան ճշգրիտ պատճառը չգիտնալու, ուրիշներու վրայ կ՛ուզեն բարդել յանցանքը: Անոնք նոյնիսկ յաջողելու ո՛չ մէկ փորձ կրնան կատարած ըլլալ, սակայն յաջողակներուն նկատմամբ ոխով եւ ատելութեամբ կը լեցուին: Նման խեղճութիւններու հետ վիճաբանիլը մեծ սխալ է, որովհետեւ մեծամտութիւնը անվստահութեան միախառնուած, ահաւոր հոգեվիճակ ստեղծած կ՛ըլլայ անոնց ներսիդին: Անոնց շարքերուն մէջ յաճախ կ՛երեւին անգործ, ապիկար եւ ծուլութեան պատճառով չքաւորութեան դուռը ափ առած մարդիկ, որոնք միայն մեծարժէք հագուստով կամ վարձուած բարձրորակ ինքնաշարժ վարելով, ի զուր կը չափուին հարուստներու եւ արդար վաստակով իրենց կեանքը նիւթապէս ապահոված անձերու հետ:
Տխուր է այն պարագան յատկապէս, երբ վերոյիշեալներուն հետ իրենց համահաւասար գոյութիւնը փաստելու համար, այս անազնիւ կերպարները կը վատաբանեն յաջողակները, ճիշդ հակառակը պնդելով անոնց ունեցած մտային եւ նիւթական կարողութիւններուն, եւ երբեմն հրապարակաւ նուաստացնելով զանոնք: Այսպիսի վերաբերում մը միայն ծիծաղի առարկայ կը դարձնէ վատաբանողները…։
Խղճալ պէտք է այսպիսի անձերու: Անոնք կարիքը ունի մեր գութին: Այո՛, համաձայն ենք այս մտածումին. սակայն ինչպէ՞ս օգնել անազնիւ մարդոց՝ գիտակցութեան հրաւիրելու զանոնք:
Այո՛, կարելի է անոնց օգնութեան փութալ ո՛չ թէ անպայման նիւթապէս բաւարարելով զանոնք, որովհետեւ ինքնահաւանութիւնը անմիջապէս կը փոխակերպուի ապերախտութեան, եւ անոնք կը սկսին նախատել քեզ: Միակ ձեւը անազնիւ մարդոց օգնելու, ազնուութեամբ վարուիլն է անոնց հետ, որովհետեւ ամէնէն շատ անոնք կարիքը ունին ազնուութեանդ: Բայց, թէ ինչպէ՛ս եւ որքա՛ն ազնիւ պէտք է ըլլալ՝ իւրաքանչիւր ազնիւ մարդ ինք պէտք է որոշէ չափանիշը, դիմացի անձին եւ անոր ստեղծած կացութեան համաձայն: